Որոնել

Լիզպոնի ԵՀՀ Լիզպոնի ԵՀՀ  

Լիզպոնի մէջ ԵՀՕ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութեան օրակարգը

Քահանայապետը Լիզպոն կը մեկնի 2 օգոստոսին եւ կեցութեան ընթացքին կ՛այցելէ նաեւ Ֆաթիմայի սրբավայրը

Վազգէն Աբարդդան - Վատիկան

Այսօր 6 Յունիսին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 2էն 6 օգոստոսին Լիզպոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը ` Երիտասարդներու համաշխարհային 37րդ հաւաքին առիթով։

2 Օգոստոսին ժամանում

Ճամբորդութիւնը սկիզբ պիտի առնէ Չորեքշաբթի, 2 օգոստոսին, Հռոմի միջազգային օդակայանէն, որտեղէն Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Լիզպոն՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 10ին։

Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահին, որմէ ետք կը հանդիպի քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Փորթուկալի մէջ առաքելական այցելութեան առաջին օրը վերջ կը գնտէ, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցող ժամասացութեան արարողութեամբ, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նորընծաներուն, հովուական ծառայութեան պաշտօնեաներուն մասնակցութեամբ։

Երիտասրադներուն Քահանայապետին ի պատիւ կազմակերպած բարի գալուստի արարողութիւն

Հինգշաբթի, 3 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Փորթուկալի կաթողիկէ համալսարաններու աշակերտներուն հետ, ինչպէս նաեւ Քահանայպետական «Սքոլաս Օքուրենթես» Հիմնարկի աշակերտներուն հետ, որմէ ետք, Parque Eduardo VII անուան հանրային պարտէզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայ կը գտնուի իրեն ի պատիւ երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուած բարի գալուստի արարողութեան։

Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը

Ուրբաթ, 4 Օգոստոսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանքի սուրբ խորհուրդը կը մատակարարէ Երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի մասնակից կարգ մը երիտասարդներուն, ապա երեկոյեան ժամը 6ին, կը գլխաւորէ երիտասարդներու ներկայութեամբ ճանապարհ խաչի ջերմերանդական աղօթքը։

Այց Ֆաթիմայի Սրբավայր եւ ԵՀՕ աղօթքի հսկումը

Շաբաթ, 5 օգոստոսին, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ինքնաթիռով կը փոխադրուի Լիզպոնի Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայր, ուր վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը կը կատարէ հիւանդ երիտասարդներու մասնակցութեամբ՝ Ֆաթիմայի Յայտնութիւններու մատրան մէջ։

Երեկոյեան ժամը 6ին, Լիզպոնի S. João de Britօ դպրոցէն ներս, Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ։ Շաբաթ օրը երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը կը մասնակցի Parque Tejo տարածքին երիտասարդներու հետ աղօթքի հսկումին։

Եզրափակիչ պատարագը

Կիրակի 6 օգոստոսին, Փորթուկալի առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, առաւօտեան, , Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ “Parque Tejo” տարածքին վրայ կը մատուցէ ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը նոյն վայրին մէջ արտասանելով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա յետմիջօրէին ու նախ քան Հռոմ վերադարձը կը հանդիպի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի կամաւորներուն հետ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ կը փոխադրուի Լիզպոնի միջազգային օդակայան ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 10,15ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2023, 13:21