Որոնել

2023.06.05 Partecipanti al Green and Blue Festival, della Giornata dell'Ambiente "Earth for All"

Եկէք չխլենք նոր սերունդներէն աւելի լաւ ապագայի յոյսը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Green and Blue Festival» փառատօնի մասնակիցները՝ Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուայ առթիւ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուայ առթիւ, այսօր՝ 5 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Green and Blue Festival» փառատօնի մասնակիցները:

Այդ կապակցութեամբ Անոր արտասանած ճառը յանուն շրջակայ միջավայրի տարբեր առիթներով արտայայտած միտքերու համախմբում էր, որուն ընթացքին ինչպէս միշտ իւրայատուկ ազդեցիկութեամբ յորդորեց իւրաքանչիւրին ստանձնել իր բաժին պատասխանատուութիւնը, որ, ընդգծեց, «նախ արդարութեան, ապա զօրակցութեան հարց է»։

Յիշելով 5 Յունիս 1972ին ՄԱԿի Մարդկային Միջավայրի վերաբերեալ առաջին գիտաժողովը, Սրբազան Պապը նշեց, որ աւելի քան յիսուն տարի անցած է եւ որ այդ ժամանակուընէ շատ բան փոխուած է:

Այս համատեքստէն ներս Ան պատմեց թէ ինչպէս Սթրազպուրկի մէջ հանդիպելով Ֆրանսայի Շրջակայ միջավայրի այն ժամանակուայ նախարարին վերջինս յուշեց զԻնք մինչեւ փարիզեան հանդիպումը (COP 21) հրապարակելու իր շրջակայ միջավայրի մասին գիրքը (Laudao si’), որ արդեն սկսած էր եւ թէ ինչպէս Փարիզի այդ հանդիպումը բարձր մակարդակի եւ լաւ հանդիպում եղաւ:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակեց ապա ճառը նշելով, որ. «Փորձագէտները յստակօրէն ընդգծած են, թէ ինչպէս այս տասնամեակին իրականացուած ընտրութիւնները և գործողութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան գալիք հազարաւոր տարիներու ընթացքին»:

Կլիմայի փոփոխութեան երեւոյթը յատկապէս կ’ազդէ ամենէ աղքատ և փխրուն մարդկանց վրայ

«Կլիմայի փոփոխութեան երեւոյթը յամառօրէն կը յիշեցնէ մեզ մեր պարտականութիւններու մասին», ընդգծեց այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ այն յատկապէս կ’ազդէ ամենէ աղքատ և փխրուն մարդկանց վրայ, անոնց, որոնք ամենէ քիչն են նպաստել այդ փոփոխութեան զարգացմանը»:

Կարելի չէ թոյլ տալ բաժնուիլ երկիրներու խումբերու, որոնք յառաջ կը տանին իրենց շահերը

Սրբազան Քահանայապետը նշեց նաեւ, որ մեր աշխարհն այժմ չափազանց փոխկապակցուած է և «կարելի չէ թոյլ տալ բաժնուիլ երկիրներու խումբերու, որոնք մեկուսացուած են կամ անկայուն կերպով յառաջ կը տանին սեփական շահերը», շեշտելով, որ «իրական թշնամին անպատասխանատու պահուածքն է, որն իր ազդեցութիւնն ունի մեր այսօրուայ եւ վաղուայ մարդկութեան բոլոր բաղադրիչներուն վրայ։

Մեծ, հրատապ եւ գեղեցիկ մարտահրաւէր

Ճիշտ այնպէս, ինչպէս «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաջորդեց, այսօր ալ միջազգային ողջ հանրութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն տայ հաւաքական զօրակցութեան վրայ հիմնուած և հեռատես գործողութիւններու իրականացմանը» (COP26, 29 ottobre 2021) գիտակցելով «այդ մարտահրաւէրի մեծութեանը, հրատապութեանը և գեղեցկութեանը» (Laudato si', 15), նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Մեծ՝ քանի որ կը պահանջէ շրջադարձ ուղի, այսինքն սպառողականութեան և արտադրութեան ներկայիս ձեւաչափի վճռական փոփոխութիւն։ Հրատապ՝ քանզի այլեւս հնարաւոր չէ յետաձգել: Եւ գեղեցիկ՝ քանի որ թափօններու մշակոյթէն անցում դէպի կենսակերպը հիմնուած է յարգանքի և հոգատարութեան մշակոյթի վրայ, արարչագործութեան եւ ուրիշներու հանդէպ հոգատարութեան վրայ՝ տարածութեան և ժամանակի մէջ:

Այդ շրջադարձը պէտք է սնուի «մարդկանց եւ շրջակայ միջավայրի այն դաշինքով, որ պէտք է անդրադարձնէ Աստծոյ ստեղծագործ սէրը, որմէ մենք կ’առաջանանք եւ դէպի ուր կը քալենք» (Պենետիկտոս ԺԶ, Caritas in veritate, 50):

«Եկէք չխլենք նոր սերունդներէն աւելի լաւ ապագայի յոյսը» (Climate Ambition Summit, 12 dicembre 2020), ըսաւ ապա Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2023, 11:00