Որոնել

2022.03.18 Delegazione del Gruppo del Partito Popolare Europeo presso il Parlamento Europeo

Ֆրանչիսկոս Պապը ԵԺԿին. Եւրոպային հաղորդել նոր հոգի «համաշխարհային միաշունչ ծրագրի մը» միջոցաւ

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցէն գրաւոր ուղերձ յղած է Եւրոպական Խորհրդարանի Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահին, որուն մէջ խորհրդարանականներուն յորդորած է քաջ կերպով գիտակցիլ քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներու պատասխանատուութիւնը՝ «եղբայրութեան մեծ երազանքը՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ լաւ քաղաքականութեան առարկայական գործողութիւններու վերածելու գործին մէջ»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ 7 Յունիսէն ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց եւ որուն բերումով անեղեալ հռչակուեցաւ անցեալ 9 Յունիսին նախատեսուած ԵԺԿի՝ Եւրախորհրդարանի Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան հետ հանդիպումը` Կիրակի 11 Յունիսին գրաւոր պատգամ մը յղեց ԵԺԿի խմբակցութեան նախագահ Մանֆրետ Վեպերին, որուն մէջ ի մասնաւորի ուշադրութիւնը հրաւիրեց քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներու պատասխանատուութեան, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան շատ հարուստ ժառանգութեան եւ մշակոյթներու միասնութիւնն ու բազմազանութիւնը միասին պահելու եւրոպական գաղափարի վրայ, որոնք, ըստ Պապի, կարող են առարկայական դարձնել եղբայրութեան երազանքը եւ ապահովել ցամաքամասի բոլոր տղամարդկանց եւ կանանց՝ մարդու նկատմամբ յարգանքի վրայ հիմնուած կեանքը:

Քաղաքացիներու և հաստատութիւններու միջեւ հեռաւորութիւններու յաղթահարում

Պատգամին սկիզբը յղում կատարելով 2014ի նոյեմբերին Եւրախորհրդարան իր այցին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջարկած է խորհրդածել որոշ նիւթերու շուրջ:

Առաջին շեշտադրումը, որ ըրած է Ան՝ մեկնելով Եւրախորհրդարանի նկատմամբ քաղաքացիներու հետաքրքրութեան նուազումէն, այն է, որ պէտք է «լաւ հոգ տանիլ քաղաքացիներու ու խորհրդարանականներու յարաբերութիւններուն» եւ որ «հաղորդակցութիւնը այսօր կարող է շատ օգնել յաղթահարելու հեռաւորութիւնները»:

Ըլլալ միասնական՝ արժէքներու հանդէպ

Սրբազան Քահանայապետի կողմէ առաջարկած խորհրդածութեան երկրորդ նիւթը բազմակարծութիւնն էր, զոր Ինք կանխատեսելի դիտած է նման մեծ խորհրդարանական խմբակցութեան մէջ, ընդգծելով միաժամանակ, որ որոշ բարոյագիտական սկզբունքներու եւ արժէքներու պարագային պէտք է միասնական ըլլալ՝ շեշտելով այս համատեքստի մէջ համապատասխան կրթութեան կարեւորութիւնը։

«Քրիստոնեայ քաղաքական գործիչները պէտք է առանձնանան խնդիրները յաղթահարեն իրենց լրջութեամբ՝ մերժելով պատեհապաշտ լուծումները եւ միշտ ամուր կառչելով անձի արժանապատւութեան եւ ընդհանուր բարօրութեան չափանիշներուն», նշած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը՝ ուղեցոյց

Ան ապա ուշադրութիւնը հրաւիրած է Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան «շատ հարուստ ժառանգութեան վրայ», որուն վրայ հիմնուելով եւրոպական քաղաքական գործիչները կարող են իրենց սկզբնական ներդրումը բերել եւրոպական քաղաքականութիւն՝ պահպանելով երկու կարեւոր սկզբունք՝ զօրակցութիւնը և մերձեցումը:

Պահպանել Եւրոպայի միասնական եւ բազմազան ըլլալու տեսլականը

Պէտք է ձգտիլ ունենալ «Եւրոպայի միասնութիւնն ու բազմազանութիւնը միասին պահելու տեսլականը» եւ գործել այնպէս, որպէսզի «այս շատ հարուստ խճանկարը համահունչ կերպարներ կազմէ», շարունակած է Նորին Սրբութիւնը՝ աւելցնելով, որ որպէս միացեալ Եւրոպա լաւ կառավարումը միայն բաւարար չէ ԻԱ դարի համաշխարհային մեծ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, այլեւ անհրաժեշտ է մեծ և ուժեղ ոգեշնչում, «երազներ» են պէտք» շեշտած է Ան:

Եղբայրութիւնը վերածել առարկայական գործողութիւններու

Անդրադառնալով այնուհետեւ Եւրոպայի հիմնադիր հայրերուն՝ Քահանայապետը յորդորած է խորհրդարանականներուն գանձի պէս պահելու անոնց ուսմունքները եւ, անդին անցնելով բացառապէս ազգային շահերու պաշտպանութեան գաղափարէն, կառուցելու վայր մը, որտեղ բոլորը ապրին «եղբայրական և արդար» կեանքով։ Այս իմաստով, եղբայրութիւնը, այդ «մեծ «երազը», ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին կարող է «ոգեշնչումի աղբիւր» ըլլալ Եւրոպային նոր հոգի հաղորդելու համար՝ «համաշխարհային միաշունչ ծրագրի մը» միջոցաւ:

«Քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներն այսօր պէտք է ընդունին, որ ունակ են եղբայրութեան մեծ երազանքը լաւ քաղաքականութեան առարկայական գործողութիւններու վերածելու բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ ըլլայ տեղական, ազգային թէ միջազգային: Օրինակ, գաղթականութիւնը կամ մոլորակի մասին հոգ տանիլը այնպիսի մարտահրաւէրներ են, որոնք կարելի է դիմակայել մեկնելով միայն մարդկային եղբայրութեան այս մեծ ոգեշնչող սկզբունքէն», հաստատած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` ԵԺԿի՝ Եւրախորհրդարանի Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Մանֆրետ Վեպերին ուղղած նամակին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 07:00