Որոնել

Հաւատացեալներու խումբ մը Ճեմելլի հիւանդանոցի տարածքին Հաւատացեալներու խումբ մը Ճեմելլի հիւանդանոցի տարածքին  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը կատարեց առանձնական կերպով Հիւանդանոցի իր յարկաբաժնի մատրան մէջ։

Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը առանձնական կ՛աղօթէր Ճեմելլի հիւանդանոցի տարածքին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը միացաւ Անոր, այդ վայրէն արտասանելով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը ու նոյնը կատարեցինք մենք, Ռատիովատիկանի անձնակազմը, «Պիոս» Քահանայապետի պալատի մատրան մէջ աղօթելով եւ ուղիղ եթերով սփռելով կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Կիրակի 11 Յունիս 2023ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հետեւելով զինք բուժող բժիշկներու անձնակազմի խրատին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը կատարեց առանձնական կերպով Ճեմելլի հիւանդանոցի իր յարկաբաժնի մատրան մէջ, ինչպէս հաղորդած էր եւ հաստատեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը տիար Մաթթէօ Պրունին, կիրակի 11 Յունիսի ժամը մէկին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ վերահաստատեց թէ բուժանձնակազմը կը տեղեկացնէ` որ «Ֆրանչիսկոս Պապին յետվիրահատական ապաքինման ընթացքը կ՛ընթանայ կանոնաւոր կերպով ։

Պրունի նշեց նաեւ` թէ Սրբազան Պապը հեռատեսիլի ուղիղ եթերով հետեւեցաւ Սուրբ Պատարագին ապա հաղորդուեցաւ ու ետքը իր յարկաբաժնի մատրան մէջ առանձին ամփոփեցուեցաւ աղօթելու համար կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որմէ ետքը «կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ անոնց հետ, որոնք այս օրերուն իրեն խնամք կը տանին` բժիշկներ, հիւանդապահներ, օգնականներ եւ Վատիկանի Ոստիկանութեան Մարմնի անդամներ»։

Նշենք որ մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը առանձնական կ՛աղօթէր Ճեմելլի հիւանդանոցի տարածքին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը միացաւ Անոր, այդ վայրէն արտասանելով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը ու նոյնը կատարեցինք մենք, Ռատիովատիկանի անձնակազմը, «Պիոս» Քահանայապետի պալատի մատրան մէջ աղօթելով եւ ուղիղ եթերով սփռելով կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2023, 13:13