Որոնել

«Հետեւիլ Յիսուսին ու հռչակել Աւետարանը» Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու պատասխանը Յիսուսին։ Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը առաքելապետերու տօնին առիթով

Սրբազան արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը։ Քարոզի աւարտին Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն հրաւիրեց զանոնք յառաջ ընթանալ` միասին աճելով եղբայրութեան մէջ։ Իսկ նորանշանակ Արքեպիսկոպոսներուն ըսաւ. «Եղէք Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու նման, եղէք աշակերտներ հետեւելու մէջ եւ հռչակումի առաքեալները, Աւետարանի գեղեցկութիւնը տարէք ամենուրէք»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Դուք ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ» Մատթէոսի Աւետարանի 16րդ գլուխէն քաղուած աշակերտներուն ուղղուած Յիսուսին այս խօսքը եւ անոր տրուած պատասխանները առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզին, զոր Ան արտասանեց Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով, Հինգշաբթի 29 Յունիս 2023ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագին առիթով, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Նորանշանակ Արքեպիսկոպոսներու եւ Մետրոպոլիտներու պալիումի տուչութեան արարողութիւնը` որպէս խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ Հաղորդութեան։

Յայտնենք թէ սրբազան արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը

«Այս ամենակարեոր եւ հիմնական հարցումն է. Ո՞վ է Յիսուս ինծի համար. Իմ կեանքիս մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ առաջարկեց միասին քննարկել, թէ ինչպէս պատասխանեցին Սուրբ Պետրոսը եւ Սուրբ Պօղոսը։

Սուրբ Պետրոսին պատասխանը

Սուրբ Պետրոսին պատասխանը կարելի է համառօտել մէկ բարի մէջ. Հետեւիլ։ Պետրոսը ապրեցաւ հետեւելով Յիսուսին եւ այն օրը երբ Յիսուսը հարց տուաւ աշակերտներուն, թէ իրենք ո՞վ կը մտածեն թէ ինք ըլլար, Պետրոսը պատասխանեց. «Դուն ես Քրիստոսը Աստուծոյ կենդանի Որդին»։

«Անսխալական պատասխան», որ ինքնաբուխ չէ, «այլ ուղեւորութեան մը արդիւնքը» յարեց Սրբազան Պապը։ Պետրոս այս հոգեւոր հասունութեան կը հասնի երկար ժամանակ Յիսուսին հետեւելէ ետքը։ Ան արդարեւ ամէն բան թողուց հետեւելու համար Տիրոջ։ Անմիջապէս թողուց ուռկանները եւ հետեւեցաւ Յիսուսին առանց ոչ մէկ բան ակնկալելու կամ ապահովութիւն պահանջելու։ Ան օր ըստ օրին պիտի բացայայտէ ամէն բան, քալելով Յիսուսին ետեւէն։

Պետրոսը մեզի կ՜ըսէ, թէ «ո՞վ է Յիսուս ինծի համար» հարցումին, բաւարար չէ պատասխանել վարդապետական անբասիր բանաձեւով։ Ո՛չ։ Մենք կը սորվինք Տէրը ճանչնալ Անոր հետեւելով ամէն օր։

«Ձերբազատուիլ երկրային ապահովութիւններէն ու ամէն օր հետեւիլ Յիսուսին ահա այն ինչ, որ մեզի կը սորվեցնէ Պետրոսը այսօր, հրաւիրելով դառնալ Եկեղեցի մը, որ կը հետեւի։ Եկեղեցի, որ կը ցանկայ ըլլալ Տիրոջ աշակերտը և Աւետարանի խոնարհ աղախինը: Որովհետեւ միայն այդպիսով է, որ ան կարող պիտի ըլլայ զրուցելու բոլորին հետ ու դառնալու վայր մօտիկութեան եւ յոյսի» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ Պօղոսին պատասխանը

Եթէ Պետրոսին պատասխանը հետեւելու մէջ է, Պօղոսին պատասխանը քարոզութիւնն է` Աւետարանի հռչակումը։ Ինք եւս ընդունեցաւ Տիրոջ շնորհքը դամասկոսի ճամբուն վրայ մինչ հպարտութեամբ կը հալածէր քրիստոնեաները ե ահա Տիրոջ լոյսին շնորհիւ, որ զայն կոյր դարձուց, ան հասկցաւ թէ որքանով կուրցած է, փակուած իր հպարտութեան մէջ եւ իր կրօնական համոզումներուն մէջ։ Այդ օրէն Պօղոս իր համայն կեանքը կը նուիրէ ամենուրէք հռչակելու Քրիստոսը, անհոգ եթէ այդ մէկը զինք պիտի ենթարկէր չարչարանքի ու հալածանքներու։

Անոր պատմութեան նայելով կը թուայ թէ որքան աւելիով Ան Աւետարանը կը հռչակէ այնքանով աւելի Յիսուսը կը ճանչնայ։ Խօսքին հռչակումը ուրիշներուն իրեն առիթ կու տայ մխրճուելու Աստուծոյ խորհուրդի խորութեան մէջ` Ան արդարեւ կը խոստովանի. «Ինծի համար ապրիլը Քրիստոս է»։

Պօղոս ուրեմն ո՞վ է Յիսուս ինծի համար հարցումին կը պատասխանէ ուրիշներուն Աւետարանը տանելու անհանգստութեամբ։

Առաքեալը մեզի կը սորվեցնէ թէ հաւատքին մէջ կ՛աճինք այնքանով` որ մենք կը դառնանք Քրիստոսին հռչակողներն ու անոր վկաները։

Ողջոյնի խօսք նոր Արքեպիսկոպոսներուն եւ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան

Այս մէկը անհրաժեշտ է նաեւ այսօր` հռչակումը ընտրել` որպէս կեդրոն։ Ըլլալ եկեղեցի մը, որ երբեք չի յոգնիր կրկնելէ «Ինծի համար ապրիլը Քրիստոս է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շեշտը դնելով Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու պատասխաններուն վրայ եւ ասկէ մեկնելով ողջունեց նորանշանակ Արքեպիսկոպոսները, որոնք կ՜ընդունին պալիումը. «Անոնց կ՛ուզեմ ըսել եղէք Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու նման, եղէք աշակերտներ հետեւելու մէջ եւ հռչակումի առաքեալները, Աւետարանի գեղեցկութիւնը տարէք ամենուրէք» յորդորեց Քահանայապետը որ քարոզի աւարտին յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար ու հրաւիրեց զանոնք յառաջ ընթանալ` միասին աճելով եղբայրութեան մէջ։

Պետրոս ու Պօղոս թող մեզի ընկերանան եւ բարեխօսեն մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 10:34