Որոնել

2023.04.08 Lavoro minorile

Մանուկներու աշխատանքի չարաշահումի դէմ համաշխարհային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Մանուկները յոյս են, թոյլ չտանք որ ան ջնջուի։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երկուշաբթի 12 Յունիսին կը յիշատակուի Մանուկներու աշխատանքի չարաշահումի դէմ համաշխարհային օրը որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ

2002 թուականին ՄԱԿ-ի «Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան» առաջարկով, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ դնել աշխատանքի ասպարէզէն ներս մանկական աշխարհի դէմ մղուած չարաշահումները ու ի գործ դնել ձեռնարկներ՝ պայքարելու ու վերացնելու համար այդ երեւոյթը։

Օրուան առիթով Սրբազան Պապը հրատարակեց հետեւեալ թուիթը.

“Բազմաթիւ մանուկներ, փոխանակ պատշաճ կրթութիւն ստանալու, կը չարաշահուին, ենթարկուելով ստրկացնող աշխատանքի։ Թող չխնայուի ոչ մէկ ջանք վերջ դնելու համար մանուկներու աշխատանքի վէրքին։ Մանուկները յոյս են, թոյլ չտանք որ ան ջնջուի։ #EndChildLabour”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 13:30