Որոնել

2023.04.29 Viaggio Apostolico in Ungheria - Incontro con i poveri e con i rifugiati presso la Chiesa di S.Elisabetta d'Ungheria

Աղքատները յուզող պատկերներ չեն, այլ անձեր, որոնք արժանապատւութիւն կը խնդրեն․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Աղքատներու համաշխարհային օրուայ եօթներորդ օրուան նուիրուած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոսը մեզ կը յորդորէ հայեացքը չհեռացնել դժուարութեան մէջ գտնուողներէն, որոնք են պատերազմական գօտիներու մէջ ապրող մանուկները, չքաւորները, աշխատավայրի մէջ շահագործուողները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Աղքատներէն երես մի՛ դարձներ»։ Տոբիթի գիրքէն այս մէջբերումը դարձած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամին նիւթը Աղքատներու եօթներորդ Համաշխարհային օրուայ առթիւ, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 19 Նոյեմբերին։

«Աղքատ մարդու հայեացքը կը փոխէ անոր հանդիպող մարդկանց կեանքի ուղղութիւնը, սակայն մենք պէտք է քաջութիւնը ունենանք մեր հայեացքը այդ աչքերէն այլուր չի դարձնելու եւ հոգալ անոր կարիքները», նշած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աղքատները՝ կերպարներ, որոնք կարող են յուզել

Իրականութիւնը, որուն մէջ կ’ապրինք, կը նշանաւորուի դէպի բարեկեցութիւն չափազանց բարձր աղաղակով, որ հետեւաբար՝ կը խլացնէ աղքատներու ձայնը, ընդգծած է նաեւ Քահանայապետը եւ շարունակած. «աղքատները դարձած են կերպարներ, որոնք քանի մը վայրկեան կարող են յուզել քեզ, իսկ երբ անոնց կը հանդիպինք փողոցի մէջ յուզմունքը կը փոխարինուի նեղութիւնով եւ զանոնք անտեսելով», չնայած, որ Բարի Սամարացիի առակը մարտահրաւէր կը նետէ ներկային յիշեցնելով, որ «անձնապէս ներգրաւուած ըլլալը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կոչումն է» շեշտած է Սրբազան Պապը:

Գործել՝ չնայած քաղաքականութեան ձախողումներուն

Յղում կատարելով Յովհաննէս ԻԳ Պապին 60 տարի առաջ գրուած «Pacem in Terris»ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յիշեցնէ, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ ընելիք բազմաթիւ անձերու համար արժանապատիւ կեանք ապահովելու ուղղութեամբ՝ «նաեւ քաղաքական և օրէնսդրական լուրջ եւ արդիւնաւէտ յանձնառութեան միջոցաւ»։

Ֆրանչիսկոսը յոյս յայտնած է, որ քաղաքականութեան ընդհանուր բարիքին ծառայելու ձախողումներու պայմաններու մէջ, կ’աճի «բազմաթիւ քաղաքացիներու զօրակցութիւնը ու օժանդակութիւնը, որոնք կը հաւատան աղքատներուն նուիրուելու կամաւոր յանձնառութեան արժէքին»։

Նոր աղքատութիւնները

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ընդլայնած է հայեացքը դէպի նոր աղքատները, յորդորելով չմոռնալ մանուկները, որոնք կ’ապրին դժուար ներկայ մը մինչդեռ ապագան կը տեսնեն պատերազմներէն վտանգուած։

«Ոչ ոք երբեւէ չի կրնար վարժուիլ այս իրավիճակին. եկէք կենդանի պահենք խաղաղութեան հաստատման իւրաքանչիւր փորձ՝ որպէս Յարուցեալ Տիրոջ պարգեւ և արդարութեան ու երկխօսութեան յանձնառութեան պտուղ», գրած է Ան

Ֆրանչիսկոս Պապը սիրտին մէջ կը պահէ նաեւ այն անձերը, որոնք կը բախուին «ծախսերու կտրուկ աճին», ստիպուած ըլլալով ընտրութիւն կատարել սննդի կամ դեղորայքի միջեւ, ուստի կոչ կ՛ընէ բարձրաձայնել, որպէսզի երաշխաւորուի մէկի թէ միւսի իրաւունքը՝ «յանուն մարդկային անձի արժանապատւութեան»:

Անմարդկային աշխատանք և «ձախողուած» երիտասարդներ

Նորին Սրբութիւնը ապա վեր հանած է աշխատողներուն վերաբերող խնդիրները, որոնք կ’ենթարկուին անմարդկային վերաբերմունքի, անբաւարար վարձատրութեան կամ զոհ կը դառնան «դժբախտ պատահարներուն այնպիսի մտածելակերպի պատճառով, որ կը գերադասէ անմիջական շահոյթը՝ ի վնաս անվտանգութեան»:

Մեծ է Ֆրանչիսկոսի անհանգստութիւնը նաեւ այն երիտասարդներու համար, որոնք հիասթափուած են կեանքէն և նոյնիսկ ինքնասպանութիւններ կը գործեն՝ շատ անգամ «անվճռական» եւ «ձախողուած» զգալով իրենք իրենց՝ մոլորեցնող իրականութիւններու մէջ։

«Եկէք օգնենք անոնց` որպէսզի իւրաքանչիւրը կարողանայ գտնել ամուր և առատաշնորհ ինքնութիւն ձեռք բերելու ճանապարհը» կը խրախուսէ Քահանայապետը:

Կիսել մեր տան հացը՝ ի նշան եղբայրութեան

Դէմքեր, պատմութիւններ, սիրտեր և հոգիներ. Ասոնք են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին աղքատները, որոնց համար կը յորդորէ կիսել մեր տան հացը՝ ի նշան եղբայրութեան, ըլլալ լսելու, երկխօսելու և խորհուրդ տալու ընդունակ մարդիկ:

«Աղքատներէն հայեացքը չդարձնելը կը հանգեցնէ ողորմութեան, գթութեան բարիքներուն, որ կ’իմաստաւորէ ողջ քրիստոնէական կեանքը», կը պնդէ հուսկ

Սրբազան Պապը ու պատգամը կ՛եզրափակէ՝ մէջբերելով Մանուկ Յիսուսի Սուրբ Թերեզայի խօսքերը «իւրաքանչիւր անձ ունի գթութեան միջոցով լուսաւորուելու իրաւունք» ապա կը հրաւիրէ «մեր հայեացքը միշտ յառել Յիսուսի մարդկային և աստուածային դէմքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 12:00