Քահանայապետին կոչը եղբայրական համակեցութեան ի սպաս եւ մօտիկութիւնն ու աղօթքը Էմանուելա Օրլանտիի ընտանիքին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 25 Յունիսին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մեարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ «ցաւով» յիշեց վերջին օրերուն Հոնտուրասի Թամարայի իգական բանտին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններն ու բռնութիւնները` «որոնք մահ ու տառապանք սերմանեցին» ըսաւ Ան, աղօթք ապահովեցնելով զոհերուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։
«Հոնտուրասի Մայր` Սույափայ Տիրամայրը թող օգնէ որպէսզի սրտերը բացուին հաշտութեան եւ տեղ տրուի եղբայրական համակեցութեան, նաեւ բանտերուն մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա ակնարկեց այս օրերուն յիշատակուող Մանուելա Օրլանտիի անհետացման քառասուն ամեակին եւ այս առիթէն օգտուելով ուզեց անգամ մը եւս իր մօտիկութիւնը արտայայտել անոր ընտանիքին ու մասնաւորապէս Անոր մօրը, ապահովեցնելով նաեւ իր աղօթքները։
«Իմ այս մտածումս կը տարածեմ բոլոր ընտանիքներուն, որոնք իրենց սրտին մէջ կը կրեն անյայտ կորած անձերուն ցաւը», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եւ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու տարբեր խումբերը, որոնց շարքին նաեւ Իտալիոյ Ռատիօ Մարիամի կամաւորները, «որոնք հրաւէր կ՛ուղղեն մենք մեզ դնելու Տիրամօր հովանիին տակ, որպէսզի Աստուծմէ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը։ «Այս մէկը կը խնդրենք յատկապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ