Որոնել

«Վախնալ կեանքը գեհենին մէջ կորսնցնելէ». Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

«Աստուծոյ Արքայութեան հռչակումը խաղաղութեան եւ արդարութեան պատգամ մըն է, հիմնուած եղբայրական սիրոյ եւ ներումի վրայ, բայց եւ այնպէս ան կը հանդիպի հակառակութիւններու, բռնութիւններու եւ հալածանքներու։ Բայց եւ այնպէս Յիսուս անոնց կ՛ըսէ «մի վախնաք», ոչ որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ, այլ որովհետեւ Հօր համար մենք բոլորս արժէքաւոր ենք»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 Յունիս 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին` հիմնուելով օրուան Աւետարանական ընթերցումին վրայ, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. 10,26.28.31), խորհրդածեց Յիսուսին արտասանած «Մի վախնաք» խօսքին վրայ։

Մի վախնաք

«Այսօրուայ Աւետարանին մէջ Յիսուս իր աշակերտներուն երեք անգամ կը կրկնէ. Մի վախնաք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինչպէս Ան այդ առիթով անոնց խօսած էր Աւետարանին համար իրենց կրելիք հալածանքներու մասին։ «Իրականութիւն մը` որ տակաւին այժմէական է» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով` թէ ինչպէս Եկեղեցին, ի սկզբանէ, ճանչցաւ բազմաթիւ հալածանքներ ուրախութիւններու հետ միասին։

«Աստուծոյ Արքայութեան հռչակումը խաղաղութեան եւ արդարութեան պատգամ մըն է, հիմնուած եղբայրական սիրոյ եւ ներումի վրայ, բայց եւ այնպէս ան կը հանդիպի հակառակութիւններու, բռնութիւններու եւ հալածանքներու։ Ասով հանդերձ Յիսուս անոնց կ՛ըսէ «մի վախնաք», ոչ որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ, այլ որովհետեւ Հօր համար մենք բոլորս արժէքաւոր ենք» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Գեհենը

Յիսուս մեզի կը թելադրէ վախնալ միակ մէկ բանէ մը «Գեհենէն»։ Գեհենը վայրն էր զոր Երուսաղէմի բնակիչները լաւապէս կը ճանչնային, անիկայ քաղաքի աղբանոցն էր։ Յիսուս անոր մասին կը խօսի ըսելու համար, թէ պէտք է վախ ունենալ սեփական կեանքը վատնելէ։

“«Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։”

«Այս մէկը մեծապէս կարեւոր է մեզի համար։ Այսօր եւս կարելի է թիրախ ըլլալ խտրականութեան եւ ծաղրանքի, եթէ չհետեւինք որոշ նորոյթ ապրելաձեւերու, որոնք սակայն իրականութեան կիզակէտ ունին իրերը քան անհատները, իրագործումները քան յարաբերութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը մտաբերելով ծնողները` որոնք թէեւ կարիքն ունին աշխատելու, չեն կարող ապրիլ միայն աշխատանքի համար, պէտք է` որ նաեւ յարմար ժամանակ անցնեն իրենց զաւակներուն հետ։

«Կը մտաբերեմ, շարունակեց Ան, նաեւ քահանայ մը մայրապետ մը: Անոնք եւս պէտք է յանձնառու ըլլան իրենց ծառայութեան մէջ, առանց սակայն մոռնալու Յիսուսին ժամանակ յատկացնելու, ապա թէ ոչ անոնք կ՛իյնան «աշխարհիկ հոգեւորականութեան մէջ եւ կը կորսնցնեն իրենց գոյութեան իմաստը»։

«Կը մտածեմ նաեւ երիտասարդներուն, որոնք ունին հազարաւոր կիրքեր եւ զբաղումներ` դպրոց, մարզանք, բջիջային հեռախօս, ընկերային ցանցեր, բայց եւ այնպէս անոնք կարիքն ունին հանդիպելու մարդոց հետ, իրականացնելու համար մեծ երազանքներ, առանց ժամանակ կորսնցնելու այնպիսի բաներով, որոնք անցողական են եւ հետք չեն լքեր»։

Չվատնել ամենամեծ պարգեւը` կեանքը

Այս բոլորը կը պահանջէ հրաժարումներ բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ են, որպէսզի չկորսուինք այնպիսի բաներու մէջ, որոնք ապա Գեհենի մէջ պիտի նետուին։ Եւ այսօրուայ Գեհենին մէջ յաճախ մարդիկն են, զոր կը նետուին` մտաբերենք վերջինները, որոնք յաճախ նկատուած են մնացորդներ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ հաստատելով. «Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ չի մսխել ամենամեծ բարիքը զոր ունինք. մեր կեանքը եւ ահա ասիկա է, որ մեզի վախ պէտք է պատճառէ»։

«Հարց տանք ուրեմն` ի՞նչն է, որ ինծի վախ կը պատճառէ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա հրաւիրեց հայցել Մարիամի` Իմաստուն Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի օգնէ մեր ընտրութիւններուն մէջ, ըլլալու իմաստուն եւ քաջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2023, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >