Որոնել

ITALY-WEATHER-FLOODS

Ամպամածութիւն ու Տեղատարափ անձրեւ Էմիլիա Ռոմանիա շրջանին մէջ. Քահանայապետին աղօթքն ու մօտիկութեան զգացումները

Սրբազան Պապը իր մօտիկութեան արտայայտութիւնը կ՛արտայայտէ Գերապայծառ Փենիա Փառայի ստորոգութիւնը կրող հեռագիրով մը, ուղղուած Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ահաւոր աղէտ» այսպէս կ՛որակէ Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող` Էմիլիա Ռմանիա նահանգը հարուածող ամպամածութիւնը, որուն պատճառաւ արձանագրուած են 9 զոհեր, կան 20 հազար տեղահաններ, եւ անհաշուելի տնտեսական վնասներ։

Սրբազան Պապը իր մօտիկութեան արտայայտութիւնը կ՛արտայայտէ Գերապայծառ Փենիա Փառայի ստորոգութիւնը կրող հեռագիրով մը, ուղղուած Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին։

«Տեղեկանալով Էմիլիայ Ռոմանիան հարուածած ահռելի ամպամածութեան լուրը, Ֆրանչիսկոս Պապը Ձեզի կը յանձնէ պարտականութիւնը իր թարգմանը կանգնելու իր մասնակցութեան զգացումներուն` տուժածներու ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն մօտ» կը կարդանք ի միջի այլոց Կարդինալ Ծուփփիին ուղղուած հեռագիրին մէջ, ուր նշուած է նաեւ` որ Ֆրանչիսկոս Պապը իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար իր «ցաւակցութիւնները փոխանցելով զոհերու ընտանիքներուն» ու «Աստուծմէ կը հայցէ մխիթարութիւն եւ սփոփանք վիրաւորներուն ու բոլոր անոնց` որոնք կը տառապին այս ծանր աղէտին հետեւանքներէն»։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, «որոնք այս դժուար պահուն յանձնառու են իրենց օգնութիւնը մատուցելու», ապա բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնները որպէս նշան հոգեւոր մօտիկութեան։

Քահանայապետին աղօթքներուն կը միանան նաեւ «Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին եւ իմ անձնական աղօթքներս» կը գրէ գերապայծառ Փենիա Փառան յանուն Քահանայապետին ուղղած իր հեռագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2023, 12:15