Որոնել

Pope Francis� General Audience

«Համբարձման տօնը հրաւէր է փրկութեան պատգամը տանելու մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուսի համբարձման տօնը, որ պիտի տօնախմբենք վաղը, մեզ կը հրաւիրէ հայեացքը ուղղելու այն պահուն, երբ Յիսուս նախ քան երկինք համբառնալը, առաքեալներուն կը յանձնէ առաքելութիւնը` իր փրկութեան Պատգամը տանելու մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 Մայիս 2023ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետքը Նորին Սրբութիւնը աւանդութեան համաձայն զանազան լեզուներով ողջունեց տարբեր վայրերէ եւ երկիրներէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները եւ արաբախօս հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, յիշեցուց` որ Մայիս ամիսը նուիրուած է Աստուածամօր, որուն ընթացքին կ՛աղօթենք սուրբ Վարդարանը։ «Վարդարանը, ըսաւ Քահանայապետը, զօրեղ զէնք մըն է չարին դէմ, արդիւնաւէտ միջոց մըն է ձեռք բերելու համար իսկական խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ»։

Ողջունելէ ետք ապա այլ ազգութիւններու հաւատացեալները Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն ըսելով.

«Յիսուսի համբարձման տօնը, որ պիտի տօնախմբենք վաղը, մեզ կը հրաւիրէ հայեացքը ուղղելու այն պահուն երբ Յիսուս նախ քան երկինք համբառնալը, առաքեալներուն կը յանձնէ առաքելութիւնը իր փրկութեան Պատգամը տանելու մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը։ Սիրելի երիտասարդներ, ընկալեցէք Քրիստոսի միսիոներական այս հրահանգը, ու յանձնառու եղէք ձեր խանդավառութիւնը դնելու Աւետարանի ծառայութեան տակ։ Դուք սիրելի հիւանդներ եւ սիրելի տարեցներ, ապրեցէք միացած Տիրոջ հետ, աշխարհի մէջ Աստուծոյ թագաւորութեան աճումի գործին մէջ թանկարժէք ներդրում ունենալու վստահութեամբ: Եւ դուք սիրելի նորապսակներ, այնպէս ըրէք, որ ձեր ընտանիքները ըլլան վայրեր` ուր կը սորվեցուի սիրել Աստուած եւ ըլլալ Անոր վկաները ուրախութեան մէջ։ Բոլորիդ իմ օրհնութիւնս»

Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքը աւարտեց դարձեալ յիշելով Ուքրանիան ու աղօթք խնդրելով խաղաղութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 10:35