Որոնել

POPE FRANCIS GENERAL AUDIENCE

«Մեր Հայրենիքը Երկինքն է, հետեւինք Յիսուսին` ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» Ֆրանչիսկոս Պապ

Եղբայրներ եւ քոյրեր, թոյլ չտանք որ ներկան մեզ ճնշէ, նայինք դէպի վեր, Երկինք, յիշենք նպատակակէտը, յիշենք, որ կոչուած ենք յաւիտենականութեան, Աստուծոյ հետ հանդիպումին եւ այսօր նորոգենք Յիսուսին ընտրանքը` ընտրանքը զԱյն սիրելու ու քալելու Անոր ետեւէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ ծիսական աւետարանը (Յովհ. 14,1-12) քաղուած է Յիսուսին մահուընէ առաջ վերջին ճարէն։ Աշակերտներուն սիրտը խռոված է, Տէրը սակայն անոնց կ՜ուղղէ յուսադրող խօսքեր, հրաւիրելով զանոնք վախ չունենալ։ Ինք արդարեւ զանոնք չի լքեր, այլ կ՛երթայ անոնց պատրաստելու տեղ մը եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի այդ ,նպատակը։ Յիսուս այսպիսով մեզի բոլորիս ցոյց կու տայ ուր երթալ ու միեւնոյն ժամանակ մեզի կ՛ըսէ ինչպէս հասնիլ այնտեղ»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կիրակի 7 Մայիսին սկիզբ տուաւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր աւանդութեան համաձայն արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ու՞ր երթալ

«Նախ եւ առաջ ո՞ւր երթալ» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով Յիսուսին խօսքերը. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան...Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’….որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։

«Յիսուս ընտանի տունին պատկերը կը գործածէ, վայր` յարաբերութիւններուն ու մտերմութեան։ «Հօրս տան մէջ տեղ կայ բոլորին» կ՛ըսէ Յիսուս», յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ Յիսուսին Խօսքը աղբիւր է մխիթարութեան եւ յոյսի։ Յիսուս երբեք մեզմէ չի բաժնուեցաւ եւ մեզի բացաւ ճանապարհը, կանխելով մեր վերջնական նպատակը` Հանդիպումը Հօր Աստուծոյ հետ, որուն սրտին մէջ տեղ կայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար» նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Յիսուս` ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք

«Ուստի երբ մենք փորձարկենք յոգնութիւնը, մոլորումը, ու նոյնիսկ ձախողութիւնը, վերյիշենք, թէ դէպի ուր ուղղուած է մեր կեանքը։ Պէտք չէ կորսնցնենք նպատակակէտը։ Միշտ պէտք է կրկնենք դէպի ո՞ւր կ՛ընթանանք հարցումը….մեր հայրենիքը Երկինքն է։ Չմոռնանք այս նպատակին մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց Սուրբ Թովմասի խօսքերուն որ Յիսուսին կ՛ըսէ. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ»։ Եւ Յիսուս անոր կը պատասխանէ «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով»։

Նմանիլ Յիսուսին ու հետեւիլ Անոր քայլերուն

«Յիսուսն է ճանապարհը, որուն պէտք է հետեւինք, ապրելու համար ճշմարտութեան մէջ եւ առատութեամբ կեանք ունենալու համար։ Ան է ճանապարհը, ուստի Անոր մէջ հաւատքը «մտքերու փաթեթ» մը չէ, որոնց պէտք է հաւատալ, այլ ճանապարհ է, որուն վրայէն պէտք է քալել, Անոր հետ ուղեւորութիւն է։ Կը նշանակէ հետեւիլ Յիսուսին, Ան դէպի երջանկութիւն տանող ճանապարհն է։ Պէտք է անոր նմանիլ մօտիկութեան եւ ուրիշներու նկատմամբ ողորմութեան արարքներուն մէջ։ Ահա այս է ուղեցոյցը Երկինք հասնելու համար. Սիրել Յիսուսը` ճանապարհը, դառնալով Անոր սիրոյ նշանները երկրի վրայ։

Յիշել նպատակակէտը

Եղբայրներ եւ քոյրեր, թոյլ չտանք որ ներկան մեզ ճնշէ, նայինք դէպի վեր, Երկինք, յիշենք նպատակակէտը, յիշենք, որ կոչուած ենք յաւիտենականութեան, Աստուծոյ հետ հանդիպումին եւ այսօր նորոգենք Յիսուսին ընտրանքը` ընտրանքը զԱյն սիրելու ու քալելու Անոր ետեւէն։

«Թող Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, որ հետևելով Յիսուսին, արդեն հասած է իր նպատակին, թիկունք կանգնի մեր յոյսին» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2023, 12:07

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >