Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք  (ANSA)

«Մայիս ամսուայ ընթացքին ս. Վարդարանը աղօթենք վասն խաղաղութեան». Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց շաբաթ օր Երանելի հռչակուած Գերպ. Ճաչինթօ Վերան եւ Մարիա Քոնչիթան, ապա ողջունեց եւ քաջալերեց Մեթեր ընկերակցութիւնը ու Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամները եւ ողջունելէ ետք ուխտաւորներու զանազան խումբերը խնդրեց Վարդարանի աղօթքով Տիրամօրմէն հայցել խաղաղութեան պարգեւը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 7 Մայիս 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ողջ լեր թագուհի» Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորները, նախ յիշեց շաբաթ օր Ուրուկուայի Մոնթեվիտէօ քաղաքին մէջ երանելիներու դասին մէջ ներառուած ԺԹ դարուն ապրած Ուրուկուայի առաջին եպիսկոպոս` գերապայծառ Ճաչինթօ Վերան, «որ Աւետարանը վկայեց միսիոներական վեհանձն սլացքով, խթանելով ընկերային հաշտութիւնը, քաղաքացիական պատերազմի լարուած մթնոլորտին մէջ», ըսաւ Քահանայապետը ու յիշեց նաեւ Սպանիայի Կրանատա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Մարիա Տէ Լա Քոնսեփսիոն Պարրեչէկուրէն ի Կարսիան` որ ծանր հիւանդութեան պատճառաւ գամուած էր անկողինին, եւ որ «ցաւերուն դիմացաւ ու զանոնք շալկեց հոգեւոր մեծ ուժով ու մահացաւ 22 տարեկանին 1927 թուականին» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաւատացեալներէն խնդրելով ծափողջոյնով ընկալել նոր երանելիները։

Մեթեր ընկերակցութիւնը

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած զանազան ուխտաւորներուն խումբերը, որոնց շարքին ողջունեց «Մեթեր» ընկերակցութեան անդամները եւ անոնց հիմնադիր Հայր Ֆորթունաթօ Տի Նոթոն, որոնք, ըսաւ Ան «յառաջ կը տանին անչափահասներու դէմ բռնութեան կանխարգիլման ու անոր հակազդելու գործը...30 տարիներէ ի վեր պաշտպանելով մանկութիւնը` բռնութիւններէն ու չարաշահումներէն»։

«Ես ձեզի մօտիկ եմ եղբայրներ եւ քոյրեր ու ձեզի կ՛ընկերանամ աղօթքով եւ գուրգուրանքով, երբեք մի յոգնիք զոհերուն կողքին կանգնելու, այնտեղ կայ Մանուկ Քրիստոսը, որ ձեզ կը սպասէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներ

Ան ապա ի միջի այլոց յատուկէն ողջունեց Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամները, անոնց ընտանեկան պարագաները եւ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները, որոնք երէկ մասնակցեցան Վատիկանի մէջ կայացած Պահակագունդի նոր անդամներուն երթման արարողութեան, անոնց համար եւս ծափահարութիւններ խնդրելով։

Փոմփէի Տիրամօր տօնը

Քահանայապետը յիշեց ապա, թէ վաղը Փոմփէյի մէջ պիտի բարձրանայ Վարդարանի Տիրամօր աւանդական աղերսը, զոր Երանելի Պարթոլօ Լոնկոն ուզեց նուիրել խաղաղութեան։ «Այս Մայիս ամսուայ ընթացքին Վարդարանը աղօթենք Սուրբ Կոյսէն հայցելով խաղաղութեան պարգեւը, ի մասնաւորի նահատակ Ուքրանիոյ համար։ Թող որ Ազգերու պատասխանատուները կարողանան ունկնդրել մարդկանց իղձը, որոնք կը տառապին եւ խաղաղութիւն կը հայցեն» ըսաւ Քահանայապետը եւ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2023, 12:32