Որոնել

Մարեմեան աղօթք - «Հայցենք Սուրբ Հոգին, որպէսզի նոր Պենտեկոստէ մը փառատէ մեզ շրջապատող վախերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Սուրբ Հոգիի պարգեւով, Յիսուս կը փափաքի աշակերտները ազատել վախէն, զոր զանոնք կը պահէ փակուած տան մէջ, որպէսզի կարող ըլլան դուրս ելլելու ու դառնալու Աւետարանի վկաներն ու հռչակողները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Մայիս 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, որմէ առաջ, սովորութեան համաձայն, ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, զոր կեդրոնացուց օրուան տօնին ու Աւետարանին վրայ, որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ. 20 19-23) ուր Յիսուս աշակերտներուն կը պարգեւէ Սուրբ Հոգին ու կը հրահանգէ. «Անոնց` որոնց մեղքերը ներէք պիտի ներուին, իսկ անոնց` որոնց մեղքերը կապէք` պիտի կապուին։

«Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին»

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր Հոգեգալստեան տօնին օրը, Աւետարանը մեզ կը տանի վերնատուն, ուր աշակերտները ապաստանած էին Յիսուսին մահուընէ ետքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու նշելով` որ «Զատկուայ գիշերը Յարուցեալը կը ներկայանայ այդ վախի եւ անձկութեան վիճակին մէջ ու անոնց վրայ շունչը փչելով կ՛ըսէ. «Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին»։

«Այսպէս, Սուրբ Հոգիի պարգեւով, Յիսուս կը փափաքի աշակերտները ազատել վախէն, զոր զանոնք կը պահէ փակուած տան մէջ, որպէսզի կարող ըլլան դուրս ելլելու ու դառնալու Աւետարանի վկաներն ու հռչակողները» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը կեդրոնացուց վախէն ազատող Սուրբ Հոգիի ներգործութեան վրայ։

Վախը դռները կը փակէ

Մատնանշելով վախէն յառաջացած աշակերտներու փակումին, Ան հարց տուաւ. «քանի՞ անգամ մենք եւս կը փակուինք մենք մեր մէջ ու աշակերտներուն նման կը պահուըտինք լաբիրինթոսներու անհանգստութիւններուն մէջ» եւ ասկէ մեկնելով նշեց` թէ «փակուիլը» տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ մենք ամենադժուար իրավիճակներուն մէջ «թոյլ կու տանք, որ վախը տիրապետէ մեր վրայ», որուն որպէս արձագանք, «կը փակուին մեր սրտին դռները, այնպէս ինչպէս կը պատահի երբ շէնքի մը ներսէն ահազանգ կը հնչէ», յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ վախն է դրդապատճառը. վախ` ըլլալու մինակ ամենօրեայ պայքարներուն մէջ, վախ` չյաջողելու ու ապա յուսախափ մնալու, վախ` սխալ ընտրանքներ կատարելու։ «Վախը կ՛արգելափակէ, անդամալոյծ կը դարձնէ եւ կը կղզիացնէ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ «երբ մենք տեղ տանք վախին դռները կը փակուին»։

Սուրբ Հոգին կը հեռացնէ վախը կը մխիթարէ

«Աւետարանը սակայն մեզի կը պարգեւէ Յարուցեալին շնորհած դարմանը` Սուրբ Հոգին։ Ան մեզ կ՛ազատէ վախի բանտէն։ Երբ առաքեալները Սուրբ Հոգին կ՛ընդունին, դուրս կու գան վերնատունէն եւ կը մեկնին աշխարհ, ներերու համար մեղքերը եւ հռչակելու բարի լուրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով` որ «Սուրբ Հոգին մեզի զգալ կու տայ Աստուծոյ մօտիկութիւնը ու այդպիսով է, որ Աստուծոյ սէրը կը հեռացնէ վախերը, կը լուսաւորէ ճանապարհը, կը մխիթարէ, ու մեզի թիկունք կը կանգնի դժուարութիւններուն մէջ»։

Նոր Պենտեկոստէ մը թող փառատէ վախերը

Ուստի այս վախերու ու փակումներու դիմաց հայցենք Սուրբ Հոգին` մեզի, Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին համար, որպէսզի նոր Պենտեկոստէ մը փառատէ վախերը, որ մեզ կը շրջապատեն ու վերակենդանացնէ Աստուծոյ սիրոյն կրակը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով «Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2023, 12:07

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >