Որոնել

Բարեխօսել աղօթքի զօրութեամբ. Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն

«Այսօր կը տօնախմբենք «Երկինքի նուաճումը»։ Երկինքը այլեւս մերն է եւ Յիսուս մեզի համար բացաւ դուռ մը» յարեց Քահանայապետը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան. - Վատիկան

«Այսօր Իտալիոյ եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ կը տօնուի Տիրոջ Երկինք Համբարձման տօնը։ Տօնն մըն է, որ կը յառաջացնէ հարցումներ. Առաջին. ի՞նչու կը տօնուի Յիսուսին մեկնումը աշխարհէն եւ երկրորդ. Ի՞նչ կ՛ընէ այժմ Յիսուս երկնքի մէջ։ Ահա երկու հարցումներ, որոնք մեզ կ՛օգնեն հասկնալու այսօրուան տօնը»։

Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ 21 մայիսի Կիրակնօրեայ «Ողջ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր աւանդութեան համաձայն արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ի՞նչու կը տօնախմբենք համբարձման տօնը

Նորին Սրբութիւնը նախ բացատրեց, թէ Համբարձման տօնը կը տօնենք, որովհետեւ պատահեցաւ նոր ու գեղեցիկ բան մը` Յիսուս մեր մարդկութիւնը տարաւ երկինք` այսինքն Աստուծոյ մօտ։ Այն մարդկութիւնը, զոր Յիսուս առած էր իր աշխարհ գալով բարձրացաւ դէպի Աստուած ու մշտապէս հոն պիտի մնայ։

«Այն օրէն Աստուած «փոխուեցաւ» ու մեզ այնքան սիրելու համար իր մէջ կրեց մեր մարմինը, մեր մարդկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով` որ մեր ճակատագիրը այնտեղ է` Երկինք։

«Այսօր կը տօնախմբենք «Երկինքի նուաճումը»։ Երկինքը այլեւս մերն է  եւ Յիսուս մեզի համար բացաւ դուռ մը» յարեց Քահանայապետը։

Ի՞նչ կ՛ընէ այժմ Յիսուս

Ան ապա պատասխանելով «ի՞նչ կ՛ընէ այժմ Յիսուս» հարցումին, նշեց` որ «Հօր Աստուծոյ ցոյց կու տայ մեր մարդկութիւնը, վէրքերը` որոնցմով տառապեցաւ մեզի համար։ Կ՛աշխատի որպէս մեր փաստաբանը։ Ուստի մեզ միայնակ չթողուց։ Արդարեւ երկինք բարձրանալէն առաջ Յիսուս ըսաւ «Ես ձեր հետն եմ մինչեւ աշխարհիս կատարածը (Մատթ. 28,20)։ Յիսուս միշտ մեր հետն է` Ան կը բարեխօսէ մեզի համար Հօրը մօտ։

«Բարեխօսութիւնը հիմնական է. չի կորսնցնենք յոյսը, որովհետեւ Հօր մօտ կայ մէկը որ կը բարեխօսէ մեզի համար» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խնդրեց` որ «Երկնքի Թագուհին օգնէ մեզի` որպէսզի բարեխօսենք աղօթքի զօրութեամբ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2023, 12:11

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >