Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-REGINA COELI

«Չվարժուինք հակամարտութիւններուն եւ բռնութիւններուն։ Կ՛աղաչեմ չվարժուինք պատերազմին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Քահանայապետին կոչ ուղղեց Սուտանի մէջ խաղաղութեան համար, Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրուան առիթով ողջունեց լրագրողները` ու «Գովեալ Ըլլաս» Շաբաթուան առիթով հրաւիրեց խնամք տանիլ մեր հասարակաց տան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան     

Կիրակի 21 Մայիսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած եւ աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն նախ «տխրութեամբ» ուզեց յիշել, թէ մէկ ամիս անցած է «Սուտանի մէջ բռնկուած բռնութիւններուն» ու թէ «տակաւին իրավիճակը կը մնայ ծանր»։

Չվարժուինք պատերազմին

«Խրախուսելով մինչ այժմ ձեռք բերուած մասնակի պայմանաւորուածութիւնը՝ ես միջազգային հասարակութենէն կը խնդրեմ ջանք չխնայել` որպէսզի գերակայէ երկխօսութիւնը և մեղմանայ բնակչութեան տառապանքը։ Կը խնդրեմ, չի վարժուենք հակամարտութիւններուն եւ բռնութիւններուն։ Կ՛աղաչեմ չի վարժուինք պատերազմին։ Եւ շարունակենք մօտիկ ըլլալ ուքրանացի մարտիրոս ժողովուրդին», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օր

Ան ապա յիշեց այսօր յիշատակուող Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային օրը, «որուն թեման սրտով խօսիլ է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «սիրտն է, որ կը շարժէ բաց եւ ընկալող հաղորդակցութիւն մը» ու ողջունեց բոլոր լրագրողները եւ հաղորդակցութեան ասպարէզի գործիչները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար ու մաղթելով, որ «Ան ըլլայ միշտ ի նպաստ ճշմարտութեան եւ հասարակաց բարիքին»։

«Գովեալ Ըլլաս» Շաբաթը

«Ծափահարութիւն բոլոր լրագրողներուն համար» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով, որ այսօր կը սկսի նաեւ «Գովեալ Ըլլաս» Շաբաթը, որուն առնչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան ու տարբեր կազմակերպութիւններուն, որոնք սատարեցին Շաբթուան, հրաւիրելով բոլորը «համագործակցելու մեր հասարակաց տան խնամքի գործին», որուն համար «մեծ կարիք կայ միատեղ համախմբելու ստեղծագործութիւն եւ հմտութիւն», նշեց Նորին Սրբութիւնը յիշելով յատուկէն այս օրերուն Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա նահանգը հարուածող ջրհեղեղը ու նորոգելով իր մօտիկութեան զգացումները շրջանի բնակչութեան։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց տարբեր վայրերէ եւ երկիրներէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով` որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2023, 12:41