Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-REGINA COELI

«Սուրբ Հոգին` մխիթարիչ ու փաստաբան». Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը

Սուրբ Հոգին մեզի կը յուշէ ինչպէս պատասխանել, մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսին խօսքերը, Աւետարանին խօսքերը ու մեզի թոյլ կու տայ` սատանային պատասխանել ոչ թէ մեր բառերով այլ Տիրոջ խօսքերով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապը` կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ. 14,15-17), ուր Յիսուս կը խօսի Սուրբ Հոգիի մասին, զայն կոչելով «Մխիթարիչ» եւ որ միաժամանակ «մխիթարիչ ու փաստաբան է», ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «Սուրբ Հոգին մեզ երբեք միայնակ չի թողուր ու միշտ մեզի մօտիկ է` նման փաստաբանին, որ թիկունք կը կանգնի մեղադրեալին»։ Ան ապա «մեզի կ՜առաջարկէ ինչպէս պաշտպանուիլ մեզ մեղադրողին դիմաց» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով խորհրդածել Սուրբ Հոգիի մօտիկութեան ու Անոր մեզի մատուցած օգնութեան մասին։

Սուրբ Հոգիին մօտիկութիւնը

Նախ մօտիկութիւնը։ Սուրբ Հոգին «ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ» կ՛ըսէ Յիսուս։ Ան համբերատար է ու մեր մօտ կը մնայ, որովհետեւ մեզ կը սիրէ իսկապէս։ Եւ երբ մենք փորձանքի մէջ ենք, Հոգին Սուրբ կը մխիթարէ մեզ, մեզի բերելով Աստուծոյ ներումն ու զօրութիւնը։ Ան ապա մեզ կը դնէ մեր սխալներուն դիմաց ու մեզ կը սրբագրէ անուշութեամբ, ձայնով մը` որ կը խօսի սրտին»յարեց Քահանայապետը, հաստատելով, որ «Սուրբ Հոգին նաեւ պահանջկոտ է» ու թէ ան այդպէս կը վերաբերուի որովհետեւ իսկական ու հաւատարիմ բարեկամ է, որ մեզի կ՛առաջարկէ ինչ փոխել եւ ինչպէս աճիլ։

Սուրբ Հոգին փաստաբան

Ապա Սուրբ Հոգին` որպէս փաստաբան։ Ան մեզ կը պաշտպանէ մեզ մեղադրողներուն դիմաց, աշխարհին դիմաց, որ մեզ կը մերժէ, սատանային դիմաց` որ գերազանցապէս «մեղադրողն» ու բաժանողն է եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի մենք մեզ զգանք անկարող եւ տխուր», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշելով նաեւ, որ Սուրբ Հոգին մեզի կը յուշէ ինչպէս պատասխանել, մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսին խօսքերը, Աւետարանին խօսքերը ու մեզի թոյլ կու տայ` սատանային պատասխանել ոչ թէ մեր բառերով այլ Տիրոջ խօսքերով։

Աստուծոյ սիրուած զաւակներ

«Եթէ հայցենք Սուրբ Հոգին մենք կը սորվինք ընկալել եւ յիշել կեանքին ամենակարեւոր իրականութիւնը` որ մեզ կը պաշտպանէ չարին մեղադրանքներէն. Մենք Աստուծոյ սիրուած զաւակներն ենք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու. եթէ կը հայցենք Սուրբ Հոգին ու կ՛աղօթենք Անոր։ Եթէ կը յիշենք` որ Ան մեզի մօտիկ է, եթէ կ՛անսանք Անոր ձայնին, ըլլայ երբ մեզ կը քաջալերէ, ըլլայ երբ մեզ կը սրբագրէ։ Եթէ մենք Յիսուսին խօսքերով կը պատասխանենք չարին։ Եթէ կը յիշենք` որ Աստուծոյ սիրուած զաւակներն ենք։

«Մարիամը թող մեզի հնազանդ դարձնէ Սուրբ Հոգիի ձայնին, ու զգայուն անոր ներկայութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2023, 12:07

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >