«Ազատ ընտրելու` գաղթե՞լ թէ մնալ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Գաղթականներու և փախստականներու համաշխարհային Օրը այս տարի կը նշուի 24 Սեպտեմբերին, որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակած պատգամին բնաբանն է` «Ազատ ընտրելու` գաղթե՞լ թէ մնալ» եւ որ պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 11 Մայիսին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ կ՜ունենան Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար` Հայր Ֆապիօ Պաճճօ, որ է նաեւ Վերատեսչութեան Գաղթականներու եւ Փախստականներու մասնաճիւղի պատասխանատուն։ Ապա Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի փոխ նախագահ` Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Սավինոն, Տիկ. Քիարա Լոմպարտի, նախագահ` «Յանուն զարգացման միջազգային կամաւորութեան», ապա Տիար Տուլալ Ղոշ, Պանկլատէշէն ժամանած գաղթական մը եւ «Sophia» ընկերակցութեան անդամ։
Գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային օրը, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած է 1914ին եւ 2019էն սկսեալ ան կը յիշատակուի Սեպտեմբեր ամսուայ վերջին կիրակին։
Այդ Օրուան համարժէք նախապատրաստութիւնները խրախուսելու համար Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը հաղորդակցութեան արշաւ մը պիտի սկսի, որուն նպատակն է խթանել պատգամի նիւթին խոր ըմբռնումը՝ լսատեսողական օժանդակ միջոցներու, տեղեկատուական նիւթերու և աստուածաբանական մտորումներու միջոցաւ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ