Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Vocazionista» միաբանութեան անդամներուն

Հայր Ճուսթինօ Ռուսոլիլլոյի կողմէ հիմնուած Vocazionista ընտանիքը, քահանայապետական իրաւունք ունեցող կղերական միաբանութիւն մըն է, որուն անդամները կը փափաքին Քրիստոսի հետեւիլ նմանելով սուրբ Ճուսթինոյին աղքատ, մաքուր եւ հնազանդ կեանքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 մայիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Vocazionista» միաբանութաեան աւելի քան 2000 անդամները, միաբանութեան հիմնադիր, Սուրբ Մարիա Ռուսոլիլլոյին սրբադասման առաջին տարեդարձին առիթով։

Հայր Ճուսթինօ Ռուսոլիլլոյի կողմէ հիմնուած Vocazionista ընտանիքը, քահանայապետական իրաւունք ունեցող կղերական միաբանութիւն մըն է, որուն անդամները կը փափաքին Քրիստոսի հետեւիլ նմանելով սուրբ Ճուսթինոյին աղքատ, մաքուր եւ հնազանդ կեանքին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց թէ վերոյիշեալ միաբանութեան անդամներուն կոչումը կը կայանայ բոլոր կոչումներուն ծառայութեան մէջ ու «այս շնորհապարգեւը կը հոսի երիտասարդ Ճուսթինոյին փափաքէն, որ երբ տակաւին նորընծայ էր, իր սիրտին մէջ զգաց կոչումներուն հոգ տանելու զօրաւոր ձգտումը, յատուկէն քահանայ ձեռնադրուած ու անձինք նուիրեալներուն կոչումումներուն։

Ներշնչուելով Սուրբ Ճուսթինոյէն կեանքէն, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց երեք ճանապարհներու վրայ, աղօթք, աւետում եւ առաքելութիւն։

Աղօթք

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ աղօթքը ամէն գործունէութեան եւ առաքելութեան արմատն է, որովհետեւ երբ կը մտնենք խորհրդածութեան եւ երկրպագութեան հոգիին մէջ, Տէրը մեզ կը կերպարանափոխէ ու մենք կը դառնանք Հօր Սիրոյ ճառագայթը բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան մէջ։

«Կոչումները կը ծնին քահանայի մը կամ կրօնաւորուհի մը հետ հանդիպումով, որոնք ցոյց կու տան գեղեցիկ մարդասիրութիւն, սիրտի խաղաղութիւն, անպարտելի ուրախութիւն, ողջունելի վերաբերմունք։ Աղօթքն է որ մեզ այսպէս կը դարձնէ, ու պէտք չէ անտեսել զայն», ըսաւ Սրբազան Հայր

Աւետում

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ պէտք չէ մոռնալ աւետումի կարեւորութիւնը, շեշտելով աւետարանումի վերադառնալու կարեւորութիւնը, աւետելով խօսքը, հաղորդելով հաւատքի պարունակութիւններ պարզութեան եւ սիրոյ մէջ ու ընկերանալով անհատները զատորոշումի մէջ։

«Եկեղեցիէն ներս մեր առաքելութեան ուժը պէտք է ուղղուած ըլլան հանդիպումին, ունկնդրութեան՝ ընկերանալու համար զատորոշումի մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Միսիոնարական հոգին

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց մշակել եւ վերանորոգել միշտ Սուրբ Ճուսթինոյին միսիոնարական հոգին։

«Միսիոնար մը առաքեալ ու աւետարանի վկան է եւ համայն Vocazionista միաբանութիւնը պէտք է միշտ մեծապէս միսիոնարները ըլլայն» (Կանոն 89, յօդուած 971)։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ ընկերային բոլոր մարզերէն ներս պէտք ամէն  ինչ տրամադրել հաղորդելու համար աւետարանը, երկխօսելու համար երիտասարդներու հետ, մօտիկութիւն ցուցաբերելու համար ընտանիքներուն, խթանելու համար մարդասիրական գործունէութիւններ, յատուկէն կրթական մարզէն ներս։

Նորին Սրբութիւն պատգամը աւարտեց քաջալերելով միաբանութեան անդամները երբեք չտքնելու դժուարութեան մէջ, վստահեցնելով թէ Տէրը միշտ նեցուկ է եւ Սուրբ Ճուսթինոն միշտ կը բարեխօսէ բոլորիս համար։ Ան ապա քաջալերելով միշտ յառաջ ընթանալու, իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2023, 10:42