Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համաշխարհային կանանց միութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համաշխարհային կանանց միութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հասկնալ կանանց գեղեցկութիւնը, անոնց մարդաբանական ինքնութիւնը վտանգի տակ է »

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումն ու ճառը Կաթողիկէ կանանց համաշխարհային միութեան անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 13 մայիսին, Ֆրանչիկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ կանանց համաշխարհային միութեան անդամները, որոնք յառաջիկայ շաբաթ՝ Ասիզզի մէջ պիտի գումարեն իրենց ընդհանուր ժողովը « Թող այդ ժողովը առիթ հանդիսանայ վերանորոգելու համար ձեր միսիոնարական սլացքը, հետեւելով այն սկզբնական սկզբունքներուն, որոնք քաջալերեցին միութեան հիմնադիրները, միաժամանակ առիթ ըլլայ ապագային բաց աչքերով ու սիրտով նայելու եւ անսալու անարդարութեան, լքումի, խտրականութեան աղքատութեան զոհ շատ մը կանանց ճիչը» ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքի սկիզբը ընդգծելով, որ այսօր աշխարհին մէջ խաղաղութիւն գտնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը կայ, խաղաղութիւն մը որ կը սկսի յատկապէս, սիրտէն, հիւանդի սիրտէ, որ կոտրուած է ատելութեան եւ ոխակալութեան բաժանումէն։

Խաղաղութենէն զատ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ վտանգի տակ է նաեւ կանանց մարդաբանական ինքնութիւնը, որովհետեւ օգտագործուած է որպէս քաղաքական վէճերու եւ մշակութային գաղափարախօսութիւններուն առարկայ որոնք կ՝անտեսեն կանանց գեղեցկութիւնը, որուն համար ստեղծուած է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին առթիւ, որ կը նշուի այսօր, հրաւիրեց Տիրամօր նայելու որպէս գերազանց կնոջ տիպար, որ լիուլի կ՝ապրի պարտականութիւն մը եւ պարգեւ մը. Մայրութեան պարգեւը եւ եկեղեցիէն ներս իր զաւակներուն խնամելու պարտականութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով կանանց միութեան անդամներու կատարած աշխատանքներու համար քաջալերով զանոնք ուրախութեամբ յառաջ երթալու իրենց ծրագիրներու եւ գործունէութիւններուն մէջ՝ աւետարանումի ի սպաս, հետեւելով Սուրբ Հոգիին ներքին ձայնին ու հլու գտնուելով ներքին հպումներուն։

Հայցելով բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը, յանձնելով ներկաներն ու անոնց հարազատները Ֆաթիմայի Տիրամօր հովանիին, Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովեց իր աղօթքը՝ ընդհանուր ժողովի արդիւնաբերութեան համար ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2023, 11:17