Որոնել

հողագործի լուսանկար հողագործի լուսանկար  (renzo blasetti)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սննդամթերքը թող ճնշումի զէնք չդառնայ տկարներուն դէմ»

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց հողագործները ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած թանկարժէք ծառայութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 13 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական ագրարային ընկերակցութեան անդամներն ու հողագործ խումբ մը երիտասարդներ։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ արտերուն մէջ, կենդանիներուն համար ինչպէս նաեւ ընկերութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար, նկատել տալով ինք եւս Արժանթինի մէջ բախտաւոր առիթը ունեցած է ճանչնալու արտերու իրականութիւնը, «ինչ որ ինծի թոյլ տուաւ հասկնալու, թէ առաջին բնապահպանները դուք էք, որ կ՝աշխատիք կենդանիներուն, բոյսերուն հետ, դուք որ ամէն օր միասին կ՝ապրիք ու գիտէք, թէ որոնք են ձեր խնդիրներն ու յաջողութիւնները ու կոչումը որուն համար Աստուած կանչած է ձեզ վկաներ կը դարձնէ համապարփակ բնապահպանութեան, որուն աշխարհը կարիքը ունի, նախնադարեան կոչում մը, որովհետեւ արմատացած է Ծննդեան գիրքի Աստուծոյ խօսքերուն մէջ, երբ Տէրը մարդկութիւնը հրաւիրեց գործակցելու արարչագործութեան պարտականութեան մէջ իր աշխատանքին միջոցաւ։ (Ծննդ. 1,28-31)։

Արտը, գիւղը համարել որպէս Աստուծոյ կողմէ շնորհուած պարգեւ

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ Աստուած հողագործներէն կը խնդրէ, որ արտը, գիւղը համարեն որպէս պարգեւ, որպէս բան մը որ տրուած է իրենց՝ կտակ ձգելու համար իրենց զաւակներուն ու արտադրութեան մասին մտածեն, որպէս նուէր, որ Աստուած իրենց միջոցաւ կ՝ուղարկէ ժողովուրդի քաղցը ու ծարաւը յագեցնելու համար։

«Այս հիմնական արժէքէն, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կը ծնի ձեզի յանձնուած պատասխանատուութիւնը ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք կը մասնակցին սննդամթերքի արտադրութեան, վերամշակման եւ բաշխումի ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա դիտել տալով, որ հողագործները ամէն օր կենդանիներուն հետ աշխատանք տանելով՝ ըլլայ տօնական օրերուն, ըլլայ գործադուլի օրերուն, պէտք չէ երբեք յուսալքուին դիտել տալով, որ ամէն կոչում կը կրէ իր խաչը։

«Ձեր կատարած գործը կը վստահիմ սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի միշտ մօտիկ զգաք Յիսուսը, որ խաչին վրայ նուիրեց իր մարմինը, դարձաւ սնունդ, կենդանացաւ որպէսզի առատօրէն ձեզի տայ»։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2023, 10:02