Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովենիոյ հանրապետութեան նախագահը տիկին Նաթաս Փիրք Մուսարը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 22 մայիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովենիոյ հանրապետութեան նախագահ, տիկին Նաթաս Փիրք Մուսարը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցած ջերմ հանդիպումի ընթացքին դրական կերպով արտայայտուած են երկու կողմերու միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ հասարակութեան մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստին համար։
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են միջազգային բնոյթ ունեցող հարցեր, որոնց շարքին Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ու անոր հետեւանքները միջազգային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ արեւելեան Պալքաններու մէջ քաղաքական իրավիճակն ու տարածաշրջանի ապագայ հեռանկարները՝ Եւրոպական համարկումի գործընթացէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ