Որոնել

Շրջակայ միջավայր, լոյս, ամպեր Շրջակայ միջավայր, լոյս, ամպեր 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Երկրի աղբիւրներուն հետ յարաբերութիւններու փոփոխութիւնը անսահման չեն»

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանը Կայէլ Ճիրոյի եւ Քարլօ Փեթրինիի «Փոփոխութեան համը. Բնապահպանական անցումը՝որպէս ճանապարհ երջանկութեան» վերնագիրով գիրքին մէջ որ լոյս տեսաւ 17 մայիսին ու պիտի ներկայացուցի 19 մայիսին Թորինոյի Գիրքի Դահլիճին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով Կայէլ Ճիրոյի եւ Քարլօ Փեթրինիի «Փոփոխութեան համը. Բնապահպանական անցումը՝որպէս ճանապարհ երջանկութեան» վերնագիրով գիրքը։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ վերոյիշեալ գիրքին ընթերցումով իր մէջ ծնաւ գեղեցիկին եւ բարիի համը, այսինքն՝ յոյսի, հարազատութեան եւ ապագայի համը դիտել տալով, որ երկու մեծահասակ հեղինակները՝ Ճիրոն եւ Փեթրինին, իրենց գիրքին մէջ կը գտնեն նոր սերունդներուն մէջ արմատացած յոյսի եւ վստահութեան դրդապատճառները.

«Սովորաբար մենք՝ մեծերս կը դժգոհինք երիտասարդներէն, ընդհանրապէս կը կրկնենք, թէ անցեալի ժամանակները աւելի լաւ էին քան այս անհանգիստ ներկան եւ մեզմէ վերջ եկողները կը վատնեն մեր նուաճումները։ Մինչ՝ ընդհակառակը, մենք անկեղծութեամբ պէտք է ընդունինք, որ երիտասարդներն են անձամբ որ կը մարմնաւորեն փոփոխութիւնը, զոր մենք առարկայականօրէն կարիքը ունինք» գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Երիտասարդները մեզ խորհուրդ կու տան հետեւեալ կէտերու մասին. Անոնք կ՝ընտրեն նուազ սպառելը ու աւելիով ապրիլ միջ անձնական յարաբերութիւնները, անոնք ուշադրութիւն կ՝ընեն առարկաներ գնելու, որոնք արտադրուած են յարգելով ընկերային եւ բնապահպանական օրէնքները։ Ինծի համար մխիթարութեան եւ յոյսի աղբիւր է տեսնելով, որ այդ վերաբերմունքները կը տարածուին մինչեւ սովորութիւն դառնալով»։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց, որ իրեն համար այս գիրքը հետաքրքրական է երկու կէտերու համար, առաջին՝ գիրքը գրուած է երկխօսութեան կատարումով, տուեալ մը որ յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ համեմատութիւնը կը հարստացնէ, ինչպէս նաեւ մեր դիրքերուն վրայ հաստատակամ չ՝ըլլալը։

Երկրորդ կէտը, երկու զրուցակիցները կը ներկայացնեն տարբեր տեսակէտներ եւ մշակութային ծագումներ. Քարլին Փեթրինին որ անուանուած է Agnostico «անգիտապաշտութեան վարդապետութեան հետեւորդ» եւ որուն հետ ունեցած է արդեն ուրախ երկխօսութիւն ուրիշ գիրքի մը համար, իսկ Կաէլ Ճիրոն Յիսուսեան միաբանութեան անդամ է։

«Մտահոգութեան հորիզոնը, որուն վրայ Փեթրինին եւ Ճիրարտը կեդրոնացուցած են իրենց ուշադրութիւնը՝ շրջակայ միջավայրի վտանգաւոր իրավիճակն է, որդին այն տնտեսականութեան զոր կը սպանէ ու կը պատճառէ Երկրի տառապալից աղաղակը եւ աշխարհի աղքատներուն աղաղակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը աւարտեց հաւաստիացնելով որ սոյն գիրքը թանկարժէք պարգեւ մըն է, ճանապարհ մը ու անոր վրայ ընթանալու շօշափելի կարելիութիւն՝ ըլլայ անհատական, ըլլայ հասարակաց մակարդակի վրայ. «բնապահպանակա անցումը կրնայ ներկայացնել տարածք մը ուր բոլորս որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր,խնամք կը տանինք հասարակաց տան, գրաւի տակ դնելով այն իրողութիւնը որ սպառելով նուազ բաներ ու ապրելով աւելի անձնական յարաբերութիւններ պիտի անցնինք մեր երջանկութեան դուռէն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 10:15