Որոնել

Լատին Ամերիկիոյ եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները Լատին Ամերիկիոյ եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սինոդականութիւն եւ ծառայութիւն. Միշտ պատրաստ ուրիշներուն համար»

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց Լատին Ամերիկիոյ եկեղեցին զատորոշելու Սուրբ Հոգիին ներշնչումները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղեց Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներու մէջ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհուրդի նախագահ, գերապայծառ Միկէլ Քապրէժոսին, Փորթօ Ռիքոյի մէջ եպիսկոպոսներու գումարած 39-րդ ընդհանուր ժողովի առիթով։

Պատգամին մէջ կարդինալ Փարոլին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը կ՝ապահովէ Ամենակալին, որպէսզի «այս ընդհանուր ժողովը առատ պտուղ շնորհէ Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներու մէջ ուխտաւոր եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ եկեղեցին միշտ պատրաստ ըլլայ ծառայելու, յատուկէն աղքատներուն, մեկուսացեալներուն, զատորոշելով Սուրբ հոգիին ներշնչումները Աստուծոյ Սուրբ ժողովուրդին հետ սինոդականութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «ՉԵԼԱՄ»ի անդամներուն իրենց ուղղած սիրալիր եւ եղբայրական նամակին համար ապահովուելով, թէ իրենց  միշտ կը յիշէ իր աղօթքներու մէջ ։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նամակը աւարտած է փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնները ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն։

Լատին Ամերիկիոյ մէջ եպիսկոպոսներու խորհուրդի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Պապին խօսքերը համահունչ են Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարայիպեան կղզիներու մէջ եպիսկոպոսաց խորհուրդի 39-րդ ընդհանուր ժողովի նիւթին, որ ունի որպէս բնաբան, հաւաքականութիւնը, եկեղեցականութիւն եւ սինոդականութիւնը ի սպաս առաքելութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 11:18