Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ճէնովա թեմի պատանիները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ճէնովա թեմի պատանիները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Պէտք չէ բամբասել անիկա սատանային գործն է»

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Իտալիոյ Ճէնովա թեմի մաս կազմող աւելի քան 1000 պատանիներուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 20 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8,30ին, Վատիկանի Սանդա Մարթա հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Իտալիոյ Ճէնովա թեմի պատկան դրոշմի խորհուրդը ստացող ու պատրաստուող աւելի քան 1000 պատանիներու հետ

Հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, նշելով որ ինք շատ ուրախ է երիտասարդներուն հետ հանդիպելուն համար մաղթելով, որ անոնք Հռոմի մէջ հաճելի կեցութիւն ունենան՝ ծանօթանալով վայրերուն, պտտելով ու այցելելով պարտէզները ու շատ գեղեցիկ բաներ։

Սատանան կ՝ուզէ որ վիճաբանինք

Նորին Սրբութիւնը ապա մասնաւորաբար հրաւիրեց միշտ միացած ըլլալ առանց իրարու միջեւ վիճաբանելու, դիտել տալով որ վիճաբանիլը սատանան ստեղծած է։

«Սատանան կ՝ուզէ, որ մենք վիճաբանինք եւ ինք երջանիկ է։ Պէտք է որ բարեկամներ ըլլալ առանց բամբասելու», ըսաւ Նորին Սրբութիւն դիտել տալով ուրիշներու մասին չարախօսիլը տգեղ բան մըն է։ Եւ այն մարդիկ որ կը բամբասէ, իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցնող մարդիկ են, որովհետեւ կը զբաղին ուրիշները աղտոտելով։ Չարախօսիլ կը նշանակէ պղծել ուրիշները»։ Ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց դիտել տալով, որ չարախօսելու դէմ կայ լաւ դեղ մը, ան ալ լեզուն խածնելն է։

Ան ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար հրաւիրեց աղօթել Ողջոյն Քեզ Մարիամ Տիրամօր աղօթքը՝  առաքելական օրհնութիւնը տալէ առաջ։ Տիրամօր աղօթքէն ետք ֆրանչիսկոս Պապ տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը մաղթելով բարի կեցութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 10:23