Որոնել

Ընդհանուր վերահսկիչի գրասենեակ Ընդհանուր վերահսկիչի գրասենեակ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր վերահսկիչին «Մի ընդհատէք ֆինանսական վերահսկողութիւնը թափուր աթոռի ընթացքին»

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը Սուրբ Աթոռի հաշիւներու վերահսկիչի պաշտօնին վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը հաստատեց, թէ ընդհանուր վերահսկիչի գրասենեակը, թափուր Աթոռի ժամանակ, այսինքն՝ իշխող Պապին մահէն յետոյ մինչեւ քահանայապետ ընտրելու կարդինալներու ժողովովը պէտք է շարունակէ իր սովորական մատակարարման գործը ու իրականացնել ֆինանսական վերահսկողութեան աշխատանքները։

24 մայիսին հրապարակուած Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրահանգ տուաւ, որ թափուր աթոռի ժամանակամիջոցին, ընդհանուր վերահսկիչը շարունակէ իր սովորական մատակարարման աշխատանքները, վերահսկողութեան գործառոյթը սենեկապետ կարդինալի վերահսկողութեան տակ, որ այսօր ժամանակակից աշխարականներու ընտանիքի եւ կեանքի վերատեսչութեան վերատեսուչն է՝ կարդինալ է Քէվին Ֆարելլը։

Փաստաթուղթին մէջ կը հաստատուին նաեւ ընդհանուր վերահսկողութեան գրասենեակի կանոնագիրքին թիւ մէկ յօդուածին թիւ մէկ եւ թիւ երեք կէտերը, ըստ որոնց հաշուետուութեան վերահսկողութեան գրասենեակը համարուած է որպէս Սուրբ Աթոռի կազմակերպութիւնը եւ որուն յանձնուած է Սուրբ Աթոռի հաշուեկշիռք վերաքննութիւնը ինչպէս նաեւ Վատիկան Քաղաքի պետութեան հաշուետուութեան կշիռքի վերաքննութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2023, 14:46