Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ծնելիութեան մարտահրաւէրը յոյսի հարց է»

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու ընդհանուր Հաւաքի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 12 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցեցաւ «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու ընդհանուր Հաւաքին, Վատիկանի մօտակայքը գտնուող Քոնչիլիացնիոնէ պողոտայի «Auditorium»ի մէջ։

Հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Իտալիոյ Վարչապետ Տիկ. Ճորճա Մելոնին։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք ներկաները, խօսքը կեդրոնացուց Իտալիոյ եւ Եւրոպայի մէջ ծնելիութեան հարցին վրայ։

«Երեխաներու ծնունդը ժողովուրդին յոյսը չափելու հիմնական ցուցանիշն է։ Եթէ՝ քիչ ծնին կը նշանակէ, թէ քիչ յոյս կայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ Իտալիոյ մէջ անցեալ տարի ծնունդներու թիւով ամենացած ցուցանիշը արձանագրուած է՝ ընդամէնը 390 հազար նորածիններ ու «դա վաղուան համար մեծ մտահոգութիւն է»յարեց Ան։

Ծաղկեցնել նոր գարուն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով ժամանակակից աշխարհը յուզող հարցերուն՝ պատերազմները, համաճարակները, գաղթականներու հոսքը եւ կլիմայական փոփոխութիւնները դիտել տուաւ, որ կարծես, թէ աշխարհը անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուի, «Ամէն ինչ արագ կ՝անցնի, նոյնիսկ ձեռք բերուած վստահութիւնները արագ կ՝անցնին։ Արագութիւնը, որ շրջապատած է մեզ կ՝աճեցնէ փխրութիւնը զոր մեր մէջ կրենք եւ այս անորոշութեան եւ դիւրաբեկութեան շրջանակներէն ներս, երիտասարդ սերունդները բոլորէն աւելի կը զգան անորոշութեան զգացումը, կարծես, թէ վաղը կը նմանի լերան, որուն վրայ անհնար է բարձրանալ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յորդորելով պարարտ հող պատրաստել՝ ծաղկեցնելու համար նոր գարուն մը՝ ժողովրդական այս ձմեռը մեր ետին ձգելու համար։

Ընկերութիւնը պէտք չէ դադրի ծննդական ըլլալէ

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց միասնաբար դիմագրաւել հարցերը, առանց գաղափարական պատնէշներու ու նախապէս մշակուած դիրքորոշումներու։

Ան ապա շեշտեց, թէ կարելի չէ ընդունիլ, որ ընկերութիւնը դադրի ծննդական ըլլալէ ու վատթարանայ տխրութեան մէջ՝ որովհետեւ «երբ տխուր ենք կը փակուինք եւ ամէն ինչ կ՝ընկալենք որպէս սպառնալիք» ըսաւ Ան նկատել տալով որ, «ծնելիութիւնը, ինչպէս նաեւ հիւրընկալութիւնը, որոնք երբեք չեն հակադրուիլ, նոյն մետաղէ դրամի երկու երեսներն են ու մեզի կը բացայայտեն որքան երջանկութիւնը կայ ընկերութեան մէջ»։

Յոյսի հրամայականը

Անդրադառնալէ ետք աշխարհը շրջապատող մտահոգութիւններուն Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ յոյսի կարեւորութեան վրայ, նշելով, որ «ծնելիութեան մարտահրաւէրը յոյսի հարց է» եւ յոյսը կը սնանի իւրաքանչիւր անձի բարիի հանդէպ նուիրուածութենէ, յոյսը կ՝աճի երբ մենք մեզ կը զգանք, որ ներգրաւուած ենք մեր եւ ուրիշներուն կեանքի իմաստ տալու մէջ։ Հետեւաբար յոյս սնուցանելը՝ ընկերային, մտաւորական, արուեստական, քաղաքական գործունէութիւն է՝ բառի ամենաբարձր իմաստով, «սեփական կարողութիւններն ու հարստութիւնները դնելով ընդհանուրի բարիքի ծառայութեան ի սպաս ու դա ապագայ ցանել է» հաստատեց Քահանայապետը։

«Յոյսը փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ եւ ապագան կը բարելաւէ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով, որ յոյսը մեզի համար կոչ է լուծումներ գտնելու, որոնք կը ձեւաւորեն հասարակութիւն մը, որ արժանի է մեր ապրած պատմական պահուն։

«Վերականգնել ծնելիութիւնը կը նշանակէ դարմանել ընկերային բացառումի ձեւերը, որոնք կ՝ազդեն երիտասարդներուն ու անոնց ապագային վրայ», ըսաւ Քահանայապետը ճառին աւարտին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2023, 10:27