Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Զուիցերական պահակագունդի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Զուիցերական պահակագունդի անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ Զուիցերական պահակագունդի անդամներուն. «Վատիկանի մէջ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի վկաներ»

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի անդամներուն, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին մատուցած հաւատարիմ ծառայութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներուն երդման արարողութեան առթիւ , շաբաթ, 6 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերական քահանայապետական պահակագունդի անդամները, յայտնելով թէ ուրախութեամբ կ՝ընդունի ու կ՝ողջունէ զանոնք՝ առաքելական պալատէն ներս ուր անոնք թանկարժէք ծառայութիւն կը մատուցեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց պահակագունդի անդամներուն, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին մատուցած հաւատարիմ ծառայութեան համար, դիտել տալով, որ Զուիցերական Քահանայապետական պահակագունդը մեծ ընտանիք մըն է, կենդանի եւ եղբայրական հասարակութիւն մը՝ ըլլայ ծառայութեան պահերուն, ըլլայ աշխատանքէն դուրս ազատ պահերուն։

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Զուիցերական պահակագունդի անդամներուն Վատիկանի մէջ առաքելութիւնը ճանապարհ մըն է, որ Տէրը բացած է անոնց առջեւ ապրելու համար Մկրտութեան խորհուրդը եւ ուրախութեամբ վկայելու Քրիստոսի հաւատքին մասին, մաղթելով որ ամէն կացութիւն, ամէն հանդիպում առիթ հանդիսանայ Քրիստոսի Աւետարանը ապրելու համար ինչպէս նաեւ եղբայրական սէրը Իր անունին մէջ ու Իր Հոգիին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց պահակագունդի անդամները իրենց ժամանակը լաւ օգտագործելու՝ ճանչնալու համար Յարուցեալ Տիրոջ ոգեշնչող եւ ուրախ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ՝ սուրբ Գիրքին ընթերցումով, հոգեւոր գիրքերու ընթերցումով, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մասնակցութեամբ ինչպէս նաեւ Սուրբ Խորհուրդներու մօտեցումով։

Հրաւիրելով ապա պահակագունդի անդամները չմոռնալու թէ Տէրը իրենց կողքին է՝ ըլլայ դժուար ըլլայ խաղաղ պահերուն, Նորին Սրբութիւնը վերանորոգեց Իր երախտագիտութիւնը պահակագունդի անդամներուն ջանասէր եւ առատաձեռն համագործակցութեան համար, որոնց վկայ կը դառնայ ամէն օրը։

Յանձնելով ապա պահակագունդի բոլոր անդամները ու անոնց հայրենակիցները Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական հովանիին ինչպէս նաեւ անոնց պաշտպան Սուրբ Աուրբ Նիքոլա Տէ Ֆլուէյի, ֆրանչիսկոս Պապ տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ քահանայապետական պահակագունդի անդամները
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ քահանայապետական պահակագունդի անդամները

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2023, 10:20