Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալացի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալացի եպիսկոպոսները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին սինոդական է եթէ ան բաց է առանց պաշտօնակալութեան եւ ձեւապաշտութեան»

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալական սինոդական ուղեւորութեան անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց շարունակել քալել փոխադարձ ունկնդրութեամբ, նպաստելով եպիսկոպոսներու, քահանաներուն, աշխարականներուն միջեւ համապատասխանութեան ու ձայն տալով երիտասարդներուն, կանանց ու աղքատներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 25 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Իտալիոյ մէջ եկեղեցիներու սինոդական ուղեւորութեան» եպիսկոպոսներն ու պատուիրակները, որոնց ընկերացած է Իտալիոյ մէջ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ սինոդականութեան մասին սինոդը իւրայատուկ հոգեւոր փորձառութիւն մըն է ինչպէս նաեւ ապաշխարութեան եւ վերանորոգումի փորձառութիւն մը, որ կարողութիւն ունի եկեղեցական հաստատութիւնները դարձնելու աւելի միսիոնարական ու պատրաստ՝ ժամանակից աշխարհին մէջ աւետարանելու համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա եպիսկոպոսներուն թելադրեց կարգ մը կէտեր.

Շարունակել քալել

«Շարունակել ընթանալ թոյլ տալով, որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ ձեզ։ Եկեղեցի մը, որ ծանրաբեռնուած է կառոյցներով, դիւանակալութեամբ, ձեւապաշտութեամբ կը յոգնի ընթանալէն պատմութեան մէջ, Սուրբ Հոգիի համընթաց՝ հանդիպելով մեր ժամանակուան տղամարդոց եւ կանանց»։

Եկեղեցին միասին կատարել

«Եկեղեցին Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդն է ու անոր մէջ ստացած մկրտութեան առաքինութեամբ, իւրաքանչիւր անդամ կը դառնայ միսիոնարական առաքեալ։ Այս իրազեկութիւնը, պէտք է, որ միշտ աճեցնէ եկեղեցական համապատասխանութեան ոճը. Իւրաքանչիւր մկրտուած կանչուած է գործօն կերպով մասնակցելու եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մէջ, սկսեալ իւրայատուկ կոչումէն, ուրիշներու հետ յարաբերութեան եւ շնորհապարգեւներուն հետ, շնորհուած Սուրբ Հոգիէն՝ բոլորիս բարիքին համար։

Ըլլալ Բաց եկեղեցի

«Սինոդը կը հրաւիրէ դառնալ եկեղեցի մը, որ կ՝ընթանայ ուրախութեամբ, հեզութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ ներկայ ժամանակին մէջ այն գիտակցութեամբ որ բոլորս խոցելիներ ենք ու կարիքը ունինք մէկը միւսին։ Ընթանալ որոնելով, կեանք ծնելով, ուրախութիւն տարածելով ու չմառեով ուրիշներու մէջ վառած Սուրբ Հոգիին կրակը։

Ըլլալ անհանգիստ եկեղեցի մեր ժամանակուան անհանգստութիւններուն մէջ

«Կանչուած ենք հաւաքելու պատմութեան անհանգստութիւնները ու թոյլ տալու որ մեզ հարցաքննեն ու անոնք զետեղենք Քրիստոսի Զատկուան մէջ։ Եկեղեցին կանչուած է ընկալելու մեր ժամանակուան մարտահրաւէրները ու երթալու բոլորին մօտ՝ աւետելու համար աւետարանի ուրախութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը քաջալերելով եպիսկոպոսները հետեւիլ սինոդի գործընթացքին վստահելով Սուրբ Հոգիին իրականացուցած գործին։ «Սուրբ Հոգին սինոդական գործընթացին դերակատարն։ Ան անհատներն ու հասարակութիւնները կը բանայ ունկնդրութեան, Սուրբ Հոգին է որ վաւերական եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ երկխօսութիւնը Ան է, որ կը լուսաւորէ զատորոշումը ու կ՝ուղղէ ընտրանքներն ու որոշումները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը ու յանձնելով զանոնք Տիրամօր Հովանիին խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2023, 11:42