Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ասթի թեմի ուխտաւորները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ասթի թեմի ուխտաւորները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Յիսուս վերանորոգեց ու կերպարանափոխեց ընտանիքը»

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ասթի թեմի ուխտաւորներու հետ, որոնք ժամանած են ուխտագնացութիւն կատարելու համար։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց անցեալ նոյեմբեր ամիս Ասթի կատարած այցելութիւնը՝ ուր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպեցաւ իր ազգականներուն, բարեկամներուն եւ եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 5 մայիս, 2023ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած Ասթի թեմի ուխտաւորները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնելով սոյն այցելութեան համար յիշեց անցեալ նոյեմբեր ամիս Ասթի կատարած այցելութիւնը ՝ ուր «ընտանեկան մթնոլորտէն ներս հանդիպեցաւ իմ ազգականներուն, բարեկամներուն, եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ ժողովուրդի հետ » ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ Մարդկային ջերմութեան այդ զգացումը, զուտ յուզում մը չէր, այլ «անիկա իմ մէջս վառեց ձեր ուրախ դէմքերը տեսնելով, ձեր սէրը զգալով ու ականատես ըլլալով, որ յառաջ գացիք ընտանիքի մը, որ կը քալէ աւետարանի ճանապարհին վրայ, իր բոլոր դժուարութիւններով ու սահմանափակումներով», ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով ընտանիքի բառի վրայ ընդգծեց, որ Յիսուսն է ընտանիքը վերանորոգողը ու կերպարանափոխը ու ասոր մասին կը խօսուի Աւետարանի այն հատուածին մէջ ուր՝ Յիսուս մինչ կը քարոզէր իրեն կը տեղեկացնեն, թէ զինք իր ազգականները ու մայրը կը փնտռեն , Յիսուս պատասխանելով կ՝ըսէ «ահաւասիկ իմ եղբայրներս ու քոյրերս, Ան որ իմ հօրս կամքը կը կատարէ ան իմ եղբայրս ու քոյրս է» (Մատթ 12,46-50)

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ լաւ մտածելով Յիսուսի վերոյիշեալ խօսքերը մեր մէջ կը ծնի ընտանիքը հասկնալու նոր ձեւ մը դիտել տալով որ Յիսուսի այդ խօսքը արմատապէս վերանորոգեց ընտանիքը, որուն համար ամենաամուր կապը, ու ամենազօրաւոր կապը մեզի քրիստոնեաներու համար արեան կապը չէ այլ Քրիստոսի սէրը, որ կը կերպարանափոխէ ընտանիքը, կ՝ազատէ անձնասիրութեան ուժերէն, որոնք կը յառաջանայ մարդկային պայմանէն եւ մեղքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ Յիսուսի այս նոր ընտանիքը մինչ՝ նոր իմաստ կու տայ ընտանեկան յարաբերութիւններուն՝ ծնողաց, զաւակներու եւ եղբայրներու միջեւ միաժամանակ կը «խմորէ» նաեւ եկեղեցական եւ քաղաքացիական հասարակութեան կեանքը, օրինակի համար, կ՝աճեցնէ անշահախնդրութիւնը, յարգանքը, հիւրընկալութիւնը ու մարդկային այլ արժէքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վերանորոգեց իր գնահատանքը Ասթի թեմէն ներս դիւրաբեկներու համար նուիրուած բուժարանը “Fratelli tutti”, կոչելնուն համար, նշելով որ քաղաքներու, երկիրներու, ժողովրդապետութիւններուն մէջ “fraternità” բառը, ոչ միայն ըսելու ձեւ մըն է, երազողներու համար իտէալ մը, այլ անիկա ունի հիմք մը՝ Յիսուս Քրիստոսը որ մեզ բոլորս դարձուց եղբայրներ եւ քոյրեր ու ունի ճանապարհ մը՝ Աւետարանը, այսինքն սիրոյ, ծառայութեան, ներումի մէջ քալելու ճանապարհը։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէ առաջ խնդրեց ներկաներէն, որ աղօթեն հայր մեր տէրունական աղօթքը ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2023, 11:51