Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. եւ Իտտալիոյ մէջ միսիոնարներուն հաստատութիւններու խորհրդաժողովի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ. եւ Իտտալիոյ մէջ միսիոնարներուն հաստատութիւններու խորհրդաժողովի անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աւետարանումի գործը Աստուծոյ ժողովուրդին հիմնական պարտականութիւնն է»

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալիոյ մէջ միսիոնարներուն հաստատութիւններու խորհրդաժողովի անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 11 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ մէջ միսիոնարներու հաստատութիւններու խորհրդաժողովի անդամները, խորհրդաժողողին հիմնադրութեան յիսուն ամեակի առիթով։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով միսիոնարականութեան կարեւորութեան վրայ յիշեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի «ad gentes» փաստաթուղթէն հատուած մը՝ ուր նշուած է թէ «Համայն եկեղեցին միսիոնարական է եւ աւետարանումի աշխատանքը Աստուծոյ ժողովուրդին հիմնական պարտականութիւնն է»։ «Ասոր համար Evangelii gaudium առաքելական յորդորագիրին մէջ հրաւիրեցի բոլոր քրիստոնեաները, աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ յանձնուելու առաքելական մշտական իրավիճակին» ըսաւ Սրբանան Հայրը աւելցնելով որ «աւետումը եկեղեցիին մէջ կամընտիր կամ լուսանցքային երեւոյթ չէ, այլ կենսական ծաւալ է, որովհետեւ անիկա առաքելական եւ միսիոնարական ծնաւ՝ ձեւաւորուած Սուրբ Հոգիէն որպէս դուրս եկող հասարակութիւն»։

Քահանայապետը խրախուսեց քաջութեամբ յառաջ երթալու, որպէսզի Սուրբ Հոգիին ուժը եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ միշտ գտնէ միտքեր եւ սիրտեր, որոնք կը փափաքին Աստուծոյ խօսքը մշակել եւ Յարուցեալին ուրախութիւնը փոխանցել, վերացնելով պատնէշները, նպաստելով ընկերութեան մը որ հիմնուած ըլլայ եղբայրսիրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան աւետարանական սկզբունքներուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց` թէ «առաքելութինը հաղորդութեան նման նախ եւ առաջ շնորհքի խորհուրդ է, ան մեր աշխատանքը չէ այլ Աստուծոյ, առաքելութիւնը չենք կատարեր միայնակ, այլ շարժուած սուրբ Հոգիէն՝ հլու գտնուելով անոր ներգործութեան» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Սրբազան Պապը ճառը աւարտեց մէջբերելով «Evangelii gaudium», առալքելական նամակէն հատուած մը ուր յիշուած է, թէ առաքելութիւնը գործառնութիւն չէ, ոչ իսկ ընկերային ծրագիր, կամ մարդասիրական կազմակերպերպութիւն , անիկա աւելի խոր բան մըն է, որ կը խուսափի ամէն չափերէն։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի աշխատանք, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մատուցած առաքելական եւ հաղորդութեան ծառայութեան համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2023, 11:57