Որոնել

Սուրբ Հոգին կը գործէ աշխարհին մէջ, Եկեղեցւոյ մէջ ու մեր սրտին մէջ. Վատիկանի մէջ Պենտեկոստէի պատարագ

Սուրբ Հոգի, Յիսուսի և Հօր Հոգի, ներդաշնակութեան անսպառ աղբիւր, քեզի կը վստահինք աշխարհը, քեզի կը նուիրենք Եկեղեցին և մեր սրտերը: Եկու՛ր արարիչ Հոգի, մարդկութեան ներդաշնակութիւն, նորոգէ երկրին երեսը: Եկու՛ր պարգեւներու Պարգեւ, Եկեղեցւոյ ներդաշնակութիւն, մեզ միացած դարձուր Քու մէջդ։ Եկու՛ր ներման հոգի, սրտի ներդաշնակութիւն, փոխակերպէ մեզ, ինչպէս Դուն գիտես ընել, Մարիամի միջոցաւ:

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 28 մայիսին Հոգեգալուստի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 10ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն առիթով ապա ներկաներուն փոխանցեց օրուան քարոզը« շեշտը դնելով Սուրբ Հոգիի ներգործութեան վրայ որպէս ստեղծած աշխարհին մէջ, Եկեղեցւոյ ու մեր սրտերուն մէջ գործող։

Սուրբ Հոգին կը գործէ ստեղծած աշխարհին մէջ

«Սուրբ Հոգին ի սկզբանէ գործի վրայ է» ըսաւ Քահանայապետը։ Ան արդարեւ ստեղծող Հոգի է եւ եթէ ամէն բան սկիզբ առաւ Հօրմէն ու ամէն ինչ ստեղծուեցաւ Որդիին միջոցաւ Սուրբ Հոգին Ան է, որ ի սկզբանէ ու բոլոր ժամանակներուն մէջ ստեղծուած իրականութիւնները անկարգ վիճակէն կը բարեփոխէ կարգաւոր վիճակի, շփոթութենէն ներդաշնակութեան»։ Ան նոյնինքն ներդաշնակութիւնն է, որ կը վերանորոգէ երկիրը սակայն առանց փոխելու իրականութիւնը այլ զայն լոկ ներդաշնակ դարձնելով»։

«Այսօր աշխարհին մէջ կայ բազմաթիւ անկարգութիւն, մեծ բաժանումներ։ Բոլորս ալ կապի մէջ ենք բայց յաճախ մենք մեզ կը գտնենք իրար միջեւ առանց կապի, անզգայացած անտարբերութենէն և ճնշուած մենակութենէն։ Բազմաթիւ պատերազմներ, հակամարտութիւններ, անհաւատալի կը թուայ չարը զոր մարդը կարող է գործել։ Բայց իրականութեան մէջ մեր թշնամութիւնները սնուցողը բաժանումի հոգին է` սատանան» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս Յիսուս իր Զատկուայ գագաթնակէտին աշխարհին վրայ կը հեղու իր բարի Հոգին` Սուրբ Հոգին, որ կը հակառակի բաժանումի հոգիին, որովհետեւ ներդաշնակութիւն է, Անիկա միութեան Հոգի է, որ խաղաղութիւն կը բերէ։

«Ամէն օր զԱյն հայցենք մեր աշխարհին վրայ» հրաւիրեց Սրբազան Պապը։

Սուրբ Հոգին կը գործէ Եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Հոգիին երկրորդ գործունէութիւնը տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցւոյ մէջ Պենտեկոստէի օրէն սկսեալ։ Ան սկիզբ չի տար Եկեղեցւոյ` հրահանգելով օրէնքներ եւ կանոններ, այլ իջնելով իւրաքանչիւր առաքեալի վրայ` անոնցմէ իւրաքանչիւրին շնորհելով յատուկ շնորհք ու տարբեր խարիզմ։

Այս պարգեւներու բազմութիւնը կարող է շփոթութեան պատճառ դառնալ, բայց Հոգին Սուրբ, ճիշտ այդ բազմազանութենէն մեկնելով ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ։ Ան արդարեւ ձրի շնորհքներ կը բաշխէ ու բոլորն ալ կը լիանան Սուրբ Հոգիով։ Այսպէս է, որ կը սկսի Եկեղեցւոյ կեանքը, բազմազանութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ստեղծած ներդաշնակութեամբ, երբ Ան թոյլ կու տայ, որ աշակերտները խօսին տարբեր լեզուներ ու զանոնք ունկնդրողները զիրենք հասկնան իրենց սեփական լեզուով։ Այնպէս ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս. «կան տարբեր խարիզմները բայց մէկ է Հոգին»։

Քալենք միասին Սուրբ Հոգիին համաձայն

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ընթացքի մէջ գտնուող Սիւնհոդոսին հաստատելով, թէ Ան պէտք է ըլլայ ուղեւորութիւն Սուրբ Հոգիին համաձայն, ոչ թէ խորհրդարան մը` ուր պահանջել իրաւունք ու կարիքներ աշխարհի օրակարգին համաձայն, ոչ թէ առիթ` երթալու այնտեղ ուր հովը կը փչէ, այլ հնարաւորութիւն` ըլլալու հնազանդ Հոգիի շունչին։

«Որովհետեւ պատմութեան ծովուն մէջ Եկեղեցին կը նաւարկէ միայն Անոր հետ, որ Եկեղեցւոյ հոգին է, սիւնհոդոսականութեան հոգին է եւ աւետարանութեան շարժիչ ուժը։ Առանց Անոր Եկեղեցին անպաշտպան է. Հաւատքը միայն վարդապետութիւն է, բարոյականութիւնը միայն պարտականութիւն եւ հովուական խնամակալութիւնը միայն աշխատանք։ Մինչ Անոր հետ` հաւատքը կեանք է, Տիրոջ սէրը մեզ կը գրաւէ ու յոյսը կը վերածնի» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով «Սուրբ Հոգին զետեղել Եկեղեցւոյ կեդրոնը» ու նաեւ զԱյն դնել «սիւնհոդոսական աշխատանքներու սրտին մէջ» եւ ամէն օր զինք հայցել ըսելով «Եկ Սուրբ Հոգի», ապա քալել միասին` սիւնհոդոս կատարել։ Ներդաշնակութիւն կառուցել Եկեղեցւոյ մէջ»։

Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ սրտերուն մէջ

Ի վերջոյ Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ մեր սրտերուն մէջ։

Յիսուս Զատկուայ գիշերը աշակերտներուն վրայ կը փչէ եւ կ՛ըսէ. «Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին»։ Միայն Սուրբ Հոգին է, որ ներդաշնակութիւն կը դնէ սրտերուն մէջ որովհետեւ Ան «Աստուծոյ հետ մտերմութիւն» ստեղծողն է։ Եթէ մենք ներդաշնակութիւն կ՛ուզենք փնտռենք Զինքը։ Ամէն օր Հայցենք Զայն, օրը սկսինք Անոր աղօթելով, ու հնազանդինք Անոր։

Եթէ​​աշխարհը բաժանուած է, եթէ եկեղեցին բևեռացուած է , եթէ սիրտը մասնատուած է, եկէք ժամանակ չկորսնցնենք ուրիշները քննադատելու և մենք մեր վրայ բարկանալու, այլ հայցենք Հոգին:

“Սուրբ Հոգի, Յիսուսի և Հօր Հոգի, ներդաշնակութեան անսպառ աղբիւր, քեզի կը վստահինք աշխարհը, քեզի կը նուիրենք Եկեղեցին և մեր սրտերը: Եկուր արարիչ Հոգի, մարդկութեան ներդաշնակութիւն, նորոգէ երկրին երեսը: Եկուր պարգեւներու Պարգեւ, Եկեղեցւոյ ներդաշնակութիւն, մեզ միացած դարձուր Քու մէջդ։ Եկուր ներման հոգի, սրտի ներդաշնակութիւն, փոխակերպէ մեզ, ինչպէս Դուն գիտես ընել, Մարիամի միջոցաւ:”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2023, 11:56