Որոնել

The Wider Image: Black mothers in the US speak of challenges and resilience

Գիտութեան միջոցաւ անսանք ծնելիք կեանքերու ձայնին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ստորագրած է «Կեանքին հրաշքը» վերտառութեամբ գիրքին նախաբանը, որուն պարունակութիւնը լոյս տեսաւ իտալական «Քորրիերէ Տէլլա Սերա» օրաթերթին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 21 մայիսին իտալական օրաթերթ «Corriere della Sera»ն հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` Արնալտօ Մոսքա Մոնտատորէի, գիտնական Կապրիելէ Սեմբրէպոնի եւ գրող Լուքա Քրիփփայի հոգատարութեամբ հրատարակուած «Կեանքին հրաշքը» վերտառութեամբ գիրքին նախաբանը, որուն սկիզբը Քահանայապետը կը հաստատէ` թէ «գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ իւրաքանչիւրիս աշխարհ գալու ուրախութիւնն ու զարմանքը։ Առաջարկելով ծնելիք կեանքին նայելու` որպէս գոյութիւն ունենալու իրաւունք»։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը կը մատնանշէ վիժումի հարցին ու Եկեղեցւոյ այս հարցին հայող վարդապետութեան, անգամ մը եւս վերահաստատելով կեանքին անձեռնմխելիութիւնն ու սրբութիւնը, որուն հիման վրայ կը նորոգէ հրաւէրը վիժումին նայելու նաեւ գիտական տեսանկիւնէն, որուն տեսլականը ներկայացուած է գիրգին մէջ։ 

«Գիրքին մէջ  առանցքային է գիտնականի, սաղմնաբանութեան փորձագէտի ներդրումը, որ գործնական կերպով ներգրաւուած է կենսաբարոյականութեան համատեղ յանձնաժողովներուն մէջ (այսինքն՝ բժիշկներու և գիտնականներու հետ երկխօսութեան մէջ): Միւս հեղինակներու հետ միասին ան ընկալեց  հրաւէրս վերադառնալ վիժումի թեման քննարկել՝ «լսելով» սաղմի ձայնը, մենք մեզի հարցաքննելով անոր էութեան, եզակիութեան, թէ ինչպէս ան, առաջնորդուելով գործընթացներով զոր բնութիւնը զարգացուցած է հազարամեակներու բնաշրջումներու ընթացքին,  կը դիմագրաւէ  իւրաքանչիւր սպառնալիք, որ կանգնած է իր և իր գոյութեան միջև», կը գրէ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը գիրքի նախաբանին մէջ, նորոգելով կոչը ի նպաստ ընկերութեան մը` որ կը մերժէ «մսխումի (թափօնի) մշակոյթը», գոյութեան բոլոր հանգրուաններուն մէջ, ապա նախաբանը կ՛աւարտէ գրելով. «Յանուն այսքան անմեղ զոհերուն,  Աստուած օրհնէ բոլոր  անոնք, որոնք  համաձայն են միասին քննարկել և խորհիլ այս «հրաշքի» մասին, որ է կեանքը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2023, 08:58