Որոնել

2022.08.26 Famiglia di Pedro Maria Guimaraes de Mello

«Ընտանիքը հակաթոյն` հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին թուիթը ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Ընտանիքի Միջազգային Օրուան առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընտանիքը նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութեան ինչպէս նաեւ ժողովրդագրական ձմեռուան հարցի հիմնական հակաթոյնն է։ Անհրաժեշտ է, որ բոլոր երկիրներուն մէջ խթանուին «ընտանիքին յարմար» սոցիալական, տնտեսական և մշակութային ու նաեւ կեանքը ընկալող քաղաքականութիւն»։ Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը երկուշաբթի 15 Մայիսին հրատարակած թուիթին մէջ` ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Ընտանիքի Միջազգային Օրուան առիթով։

Ընտանիքի միջազգային օրը հաստատուած է 1993 թուականին նպատակ ունենալով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ընտանիքին հայող բազմաթիւ հարցերու վրայ։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի կարծիքով մէկ ընտանիքի հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարումը կարող է հանգեցնել համամարդկային մեծ ընտանիքի միասնութեան քայքայման:

Ընտանիքը հասարակութեան հիմնական հաստատութիւններէն մին է, ան մարդու հասարակայնացման առաջին աստիճանն է: Ընտանիքը կը զարգանայ եւ կը ձևափոխուի իրեն շրջապատող աշխարհի հետ միասին` պատշաճելով ժամանակակից հասարակութեան պահանջներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2023, 11:30