«Խաղաղութիւն կառուցելը կը նշանակէ նախաձեռնել և աջակցիլ զարգացման գործընթացներուն». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Խաղաղութիւն կառուցելը կը նշանակէ նախաձեռնել և աջակցիլ զարգացման գործընթացներուն՝ աղքատութիւնը վերացնելու, սովը յաղթահարելու, առողջութիւնն ու խնամքը երաշխաւորելու, հասարակաց տունը պաշտպանելու, հիմնարար իրաւունքները խթանելու և մարդկանց շարժունակութեան հետևանքով յառաջացած խտրականութիւնը յաղթահարելու համար»: Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, երեքշաբթի 16 Մայիսին հրապարակած թուիթին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան «Leader pour la Paix» ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն անդամներուն անցեալ 2 դեկտեմբեր 2022ին ուղղած ճառէն, անոնց Վատիկանի մէջ շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին։
Սրբազան Պապը այս առթիւ հաստատած էր նաեւ թէ «ներկայ ժամանակներուն մէջ խաղաղութեան առաջնորդ դառնալը, ոչ միայն յանձնառութիւն է` այլեւ մեծ պատասխանատուութիւն», մատնանշելով, որ «մարդկային ընտանիքը ենթարկուած է պատերազմի վտանգին ու կ՝ապրի աւելի ծանր վտանգ մը` խաղաղութիւնը կերտելու կամքի պակասի վտանգը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ