Որոնել

2023.05.09 10 maggio 1973, incontro tra SS Paolo VI e il patriarca copto ortodosso Shenuda III in Vaticano

«Կաթողիկէ եկեղեցին և Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին. Պօղոս Զ-ի և Պապ Շնուտա Գ-ի (1973-2023) հանդիպման 50-ամեակը»

Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ Թաուատրոս Բ Պատրիարքը ստորագրեցին իրենց նախորդներուն միջեւ յիսուն տարիներ առաջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին առիթով հրատարակուած գիրքին նախաբանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այս օրերուն կը յիշատակուի Պօղոս Զ-ի եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Շնուտայի միջեւ 1973-ի Մայիսին տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին տարեդարձը, որուն առիթով չորեքշաբթի 10 մայիսին ի լոյս կ՛ընծայուի յիշատակի գիրք մը, որուն վերնագիրն է «Կաթողիկէ եկեղեցին և Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին. Պօղոս Զ-ի և Պապ Շնուտա Գ-ի (1973-2023) հանդիպման 50-ամեակը» եւ որ կը պարունակէ հիմնական փաստաթղթերը, որոնք կը վկայեն Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովէն ի վեր Կաթողիկէ և Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ մերձեցման ուղեւորութիւնը, եւ որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Թաուատրոս Բ.ի ստորագրութիւնը։ Գիրքը հրապարակուած է Վատիկանի տպագրատունէն Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան նախաձեռնութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Թաուատրոս Բ առաջին հանդիպում

ի դէպ 10 մայիսին կը նշուի նաեւ «Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ և Հռոմի Եկեղեցւոյ միջեւ եղբայրական սիրոյ օրը», որ կը յիշատակէ Թաուատրոս Պատրիարքին Հռոմ կատարած առաջին ուղևորութիւնը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ առաջին հանդիպումին տարեդարձը։ Եւ ահա այս երկու յոբելեաններուն առիթներով է, որ Թաուատրոս Բ Պատրիարքը այսօր` 9 Մայիսին կը ժամանէ Հռոմ վեցօրեայ այցելութեամբ։

10 եւ 11 Մայիսին Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարք եւ Ֆրանչիսկոս Պապը միասնաբար պիտի տօնախմբեն իրենց նախորդներուն` Սուրբ Պօղոս Զ եւ Շնուտա Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին յիսուն ամեակը։ Արդարեւ 10 Յունուարին Թաուատրոս Պատրիարք պիտի մասնակցի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան իսկ Հինգշաբթի 11 Մայիսին ան առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ Քահանայապետին հետ, միասնաբար գլխաւորելով աղօթքի պահ մը։ Իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքը պիտի հանդիպի նաեւ Հռոմ բնակող Ղպտի հասարակութեան հաւատացեալներուն հետ, որոնց համար պատարագ պիտի մատուցէ, Կիրակի` 14 Մայիսին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Քահանայապետական մայր տաճարին մէջ։

Ներշնչում քաղել միութեան առաջամարտիկներէն

«Կաթողիկէ եկեղեցին և ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին. Պօղոս Զ-ի և Պապ Շնուտա III-ի (1973-2023) հանդիպման 50-ամեակը» գիրգի նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Թաուատրոս Պատրիարքը կ՛ընդգծեն «միասին քալելու» եւ դէպի առջեւ նայելու կարեւորութիւնը, թէեւ, նկատել կու տան անոնք, «համամիութենական ուղեւորութեան մէջ հարկաւոր է նաեւ նայիլ դէպի ետեւ», վերագտնելու համար յոյսը, «ներշնչում քաղելով մեզ կանխող միութեան առաջամարտիկներէն»։

«Մենք պէտք է գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ յիշելով կատարուած քայլերը եւ արդեն իսկ կտրուած ճանապարհը», կը գրեն ի միջի այլոց երկու եկեղեցապետերը նախաբանին մէջ հաստատելով, թէ «այս է գիրքին նպատակը»։

Կարեւորելով հուսկ իրենց նախորդներուն միջեւ յիսուն տարի առաջ կայացած պատմական առաջին հանդիպումը Ֆրանչիսկոսն ու Թաուատրոսը այդ հանդիպումը կ՛որակեն երկու եկեղեցիներու միջեւ «անկիւնաքար», որ վերջ դրաւ «քրիստոսաբանութեան» հայող վէճին, 1973 թուականի մայիսի 10-ին համատեղ հռչակագրի ստորագրութեամբ:

Նախաբանին մէջ ապա անդրադարձ կը կատարուի այդ պատմական օրէն ասդին միութեան ի նպաստ արձանագրուած քայլերուն եւ համամիութենական ուղեւորութեան պտուղներուն, ինչպէս նաեւ 10 մայիս 2013-ին հաստատուած` Ղպտիներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ բարեկամութեան Օրուան ապա մաղթանք կը յայտնուի, որ այդ պատմական հանդիպումը շարունակէ «ներշնչում ըլլալ համամիութենական ուղեւորութեան ու պատասխան Քրիստոսի աղօթքին. «Որպէսզի բոլորը մէկ ըլլան» (Յովհ. 17,21)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2023, 11:00