Որոնել

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ լսատեսողական յիշատակներու հիմնարկ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ լսատեսողական յիշատակներու հիմնարկ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Անհրաժեշտ է պահպանել եկեղեցւոյ լսատեսողական ֆոնտերը»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ յղեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ լսատեսողական յիշողութիւններուն հիմնադրութեան գիտական կոմիտէի առաջին ժողովի առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 մայիսին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ լսատեսողական հաւաքածոներու հաստատութեան գիտական կոմիտէի առաջին նիստի մանակից անդամներուն յղած պատգամը։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ համայն եկեղեցական հասարակութիւնէն կը խնդրէ աշխատիլ՝ եկեղեցւոյ լսատեսողական պատմական հաւաքածոները պահպանելու համար. ժառանգութիւն մը, որ պէտք է պահպանուիլ ըստ գիտական չափանիշերուն, նշուած է պատգամին մէջ ,զոր կարդացուեցաւ, երեքշաբթի, 2 մայիսին, Վատիկանի առաքելական մատենադարանէն ներս վերոյիշեալ հիմնարկի գիտական կոմիտէի անդամներու կողմէ գումարուած, առաջին նիստի ընթացքին։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշանակալից համարած է այն իրողութիւնը, որ վերոյիշեալ հիմնարկը շնորհիւ արխիւային ակադեմիական հաստատութիւններու ներգրաւուածութեան, առաջարկած է տեսլական ու մեդոտ մը, հիմնուած ժառանգութեան փոխանակման եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ լսատեսողական յիշողութեան փոխանցման ծառայութեան ամենայն բարձր հմտութիւններուն եւ հարստութիւններու վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է մաղթելով, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի La cura vigilantissima կոնդակին հիման վրայ շուտով ծնի հաստատութիւն մը, որ կը գործէ որպէս,Սուրբ Աթոռի եւ համայն եկեղեցւոյ լսատեսողական հաւաքածոներու կեդրոնական արխիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2023, 13:11