Որոնել

Սրբազան Պապը եկեղեցական շարժումներն ու խումբերը հրաւիրեց վերաբացայայտելու իրենց աւետարանող առաքելութիւնը

Մայիս ամսուայ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը նուիրուած եկեղեցական շարժումներուն ու խումբերուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Անոնք պարգեւ մըն են, Եկեղեցւոյ հարստութիւնն են». Այսպէս կ՛արտայայտուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան համար հրատարակած իր լսատեսողական պատգամին մէջ, խօսելով Եկեղեցական շարժումներու եւ խումբերու մասին, որոնց դիտաւորութեան նուիրուած է մայիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքը։

Գովելով անոնց «երկխօսութեան կարողութիւնը աւետարանական առաքելութեան ծառայութեան մէջ»՝ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնցմէ խնդրեց ըլլալ «միշտ շարժումի մէջ՝ արձագանքելով Սուրբ Հոգւոյ մղումին, մարտահրաւէրներուն եւ այսօրուայ աշխարհի փոփոխութիւններուն»։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ  խնդրեց` «խարիզմները դնել աշխարհի պահանջներու ծառայութեան տակ», խուսափելով «ինքնակեդրոնացման, որեւէ գայթակղութենէն»։

Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցը

«Քահանայապետի տեսերիզը» տիեզերական պաշտօնական ձեռնարկ մըն է, որով ամէն ամիս կը տարածուի Քահանայապետին այդ ամսուայ նուիրուած աղօթքի դիտաւորութիւնը։ Անիկայ նախաձեռնութիւնն է «Քահանայապետի Համաշխարհային աղօթքի ցանցին»։ 2016էն մինչեւ օրս Քահանայապետին տեսերիզը տեսնուած է 196 միլիոն անգամ։ Ան թարգմանուած է 23 լեզուներով ու տարածուած է 114 երկիրներուն մէջ։

«Քահանայապետի Համաշխարհային աղօթքի ցանցը» Քահանայապետական Հաստատութիւն մըն է, որուն առաքելութիւնն է շարժումի մէջ դնել աշխարհի կաթողիկէները աղօթքի եւ գործունէութեան միջոցաւ, դիմագրաւելու համար մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մարտահրաւէրները։ Այդ մարտահրաւէրները կը ներկայացուին աղօթքի դիտաւորութեան միջոցաւ զոր Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր ամսուայ սկիզբը։

«Քահանայապետի Համաշխարհային աղօթքի ցանցը» հիմնադրուած է 1844ին, որպէս Աղօթքի առաքելութիւն։ Ան ներկայ է 89 Երկիրներուն մէջ եւ կազմուած է 22 միլիոն կաթողիկէներէ։ 2020ին Ֆրանչիսկոս Պապը քահանայապետական այս գործունէութեան շնորհեց Վատիկանեան Հիմնարկի հանգամանք, վաւերացնելով անոր սահմանադրութիւնը։

Մայիս ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութիւնը իրագործուած է Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութեան համագործակցութեամբ, որմէ կախեալ են Եկեղեցական շարժումները։

Մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը 

«Եկեղեցական շարժումները պարգեւ մըն են, Եկեղեցւոյ հարստութիւնն են. Ասիկա դուք էք», ըսաւ Քահանայապետը Մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին սկիզբը։

Շարժումները` աւետարանումի առաքելութեան ծառայութեան ի սպաս իրենց երկխօսութեան կարողութեամբ կը նորոգեն Եկեղեցին։ Ամէն օր, իրենց խարիզմի մէջ կը բացայայտեն նոր ձեւեր, ցոյց տալու համար Աւետարանին նորութիւնն ու հրապոյրը։

Ի՞նչպէս կ՛ընեն այդ մէկը։ Խօսելով տարբեր լեզուներ – անոնք կը թուան տարբեր, բայց ստեղծագործութիւնն է, որ կը ստեղծէ այդ տարբերութիւնը - բայց իրար հասկնալով մշտապէս ու իրենք զիրենք հասկցնելով։

Եւ աշխատելով Եպիսկոպոսներու ու ժողովրդապետութիւններուն ծառայութեան տակ, խուսափելու համար իրենք իրենց վրայ կեդրոնանալու փորձութենէն...որովհետեւ այդ մէկը կարող է վտանգ մը ըլլալ, այնպէս չէ՞։

Մնացէք միշտ շարժումի մէջ, պատասխանելով Սուրբ Հոգիի մղումին, այսօրուայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն եւ փոփոխութիւններուն։

Դուք ձեզ պահպանեցէք Եկեղեցւոյ ներդաշնակութեան մէջ, որովհետեւ ներդաշնակութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է։

Աղօթենք Եկեղեցական շարժումներու եւ խումբերու համար, որպէսզի անոնք ամէն օր վերաբացայայտեն իրենց առաքելութիւնը, աւետարանող առաքելութիւն, իրենց սեփական շնորհապարգեւները դնելով աշխարհի պահանջներու ծառայութեան տակ։ Ի ծառայութիւն», հաստատեց Քահանայապետը եզրափակելով աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2023, 16:00