Որոնել

Papa JMJ Cracovia

Երիտասարդները կոչուած են ըսելու «We care - Մենք հոգ կը տանինք»․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Rádio Renascença-ն հրապարակեց «Երկար ուղեւորութիւն դէպի Լիզպոն» գիրքին՝ Սրբազան Քահանայապետի ստորագրութիւնը կրող նախաբանը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Rádio Renascença-ն այսօր՝ 2 Մայիսին, հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ՝ փորթուկալացի լրագրող Աուրա Միկելի «Երկար ուղեւորութիւն դէպի Լիզպոն» գիրքին նախաբանը, որ կը պատմէ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու անցած ողջ ճանապարհը՝ գալիք Օգոստոսին Փորթուկալի մայրաքաղաքի մէջ նախատեսուող Օրուան ընդառաջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը նախաբանի սկիզբը նշած է, որ Երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումով է, որ սկսած է իր միջազգային ճամբորդութիւններու շարքը 2013ին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ։ Նոյնը տեղի ունեցած է Պենետիկտոս ԺԶ Պապի պարագային՝ 2005ին իր հայրենի Քոլոնիայի մէջ։ «Երկուքս ալ «ներթափանցեցինք» Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի բացած շաւիղ՝ հետեւելով Սուրբ Հոգիի առաջարկած ներիմացումին»:

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը ընդգծած է, որ այդ ներիմացումը չէ կորսնցուցած իր սկզբնական ուժը, ընդհակառակը՝ դարաշրջանի փոփոխութիւնը այսօր «մարտահրաւէր է առաջին հերթին երիտասարդ սերունդներուն համար», զոր Սրբազան Պապը անուանած է` «թուային բնիկներ», շեշտելով, որ բազմիցս յորդորած է անոնց չդառնալ «բազմոցային երիտասարդներ» եւ թոյլ չտալ, որ զիրենք անզգայացնեն։

Իրավիճակը աւելիով բարդացած է Քովիտ համաւարակի եւ «բազմաչարչար Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի» հետեւանքներով, շարունակած է Նորին Սրբութիւնը եւ նշած թէ Եւրոպայի սիրտին մէջ արիւնալի այդ պատերազմը՝ տարիներ առաջ սկսած եւ յաճախ մոռացութեան մատնուած մաս մաս Երրորդ համաշխարհային պատերազմի բազմաթիւ մասերէն մին է ։

Այս իրավիճակի մէջ երիտասարդները՝ իրենց աւիւնով, ապագայի հանդէպ իրենց տեսլականով , կոչուած են ըսելու «We care - Մենք հոգ կը տանինք», ընդգծած է Սրբազան Պապը եւ, թուարկելով այսօր աշխարհի մէջ տիրող բոլոր բազմաթիւ մտահոգութիւններն ու տառապանքները, ամփոփած է միտքը ըսելով, որ անոնք պէտք է հետաքրքրուած ըլլան մոլորակի ճակատագիրով, զոր կոչուած են պաշտպանելու եւ զայն յանձնելու յետագայ սերունդներուն։

Ֆրանչիսկոս անդրադարձած է նաեւ գիրքին հեղինակին Rádio Renascença-ի լրագրող Աուրա Միկելին, որ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն անձամբ մասնակցած է եւ անոր ընթացքն ապրած որպէս լրագրող: «Աուրայի գիրքին մէջ հաւնեցայ ԵՀՕ-երը իրենց ժամանակաշրջանին պատշաճուած ընտրութիւնը եւ աշխարհի ու Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հիմնական իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը»:

Այս համատեքստին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշած է 2021ին Հաղորդակցութիւններու Օրուան առիթով իր պատգամը, որով հրաւիրած է «մաշեցնել կօշիկները, որովհետեւ իւրաքանչիւր լաւ հաղորդակցութիւն, իւրաքանչիւր ճշմարիտ հաղորդակցութիւն հիմնուած է իրականութեան հետ անձնական հանդիպումին վրայ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գիրքին նախաբանն աւարտած է ընթերցողներուն մաղթելով անոր էջերու միջոցաւ բացայայտել կամ վերագտնել Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն փորձառութեան գեղեցկութիւնն ու հարստութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2023, 12:01