Որոնել

G7 Summit in Hiroshima

Քահանայապետը «Մեծ Եօթնեակին». Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը կարելի են միայն միասնական գործունէութեամբ

Այս օրերուն Հիրոշիմայի մէջ տեղի կ՛ունենայ G7-ին վեհաժողովը, որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը նամակ մը յղած է Քաղաքի Եպիսկոպոսին, որուն մէջ մաղթանք յայտնած է որ միջազգային համապարփակ կայունութեան որոնումը ըլլայ բազմակողմանի գործողութեան արդիւնք նկատել տալով` որ հիւլէական զէնքերը վախ ու կասկած կը յառաջացնեն ու ապագայի համար միակ ճանապարհը եղբայրական մօտեցումն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չկայ խաղաղութիւն եւ ոչ ալ միջազգային անվտանգութիւն առանց այս նպատակներու համար պահանջուած համապարփակ մօտեցումին։ Մօտեցում` որ հիմնուի միջազգային համաձայնուած բազմակողմանի գործունէութեան վրայ` քսաներորդ դարու բազմաբեւեռ աշխարհը յատկանշող երեւոյթներու նկատմամբ, ինչպիսիք են ջուրի եւ սնունդի հասանելիութիւնը ու բոլորին կեանք եւ արժանապատւութիւն երաշխաւորող կենսամիջոցներ։

Քահանայապետը այս իր գաղափարները կ՛արտայայտէ համաշխարհային գետնի վրայ մեծ տնտեսութիւններու Երկիրները ներկայացնող Եօթնեակին` որ այս օրերուն համախմբուած է Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքին մէջ եւ որուն առիթով է որ Նորին Սրբութիւնը նամակ մը յղած է Քաղաքի Եպիսկոպոս` գերապայծառ Ալեքսիս Միթսուրու Սիրահամային։

Ադոմական ուժանիւթի օգտագործումը յանցագործութիւն է 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կը հնչէ յստակ. Ադոմական ուժանիւթի օգտագործումը յանցագործութիւն է «այսօր առաւել քան երբևիցէ» և յանցագործութիւն է` որ թշնամի է մարդկութեան հասարակաց տան ցանկացած ապագայի:

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ այն տպաւորութիւններուն զոր ունեցած է, երբ 2019ին այցելեց Հիրոշիման ու Խաղաղութեան Յուշահամալիրը եւ ասկէ մեկնելով դիտել կու տայ, որ համաճարակէն ետքը այժմ կայ պատերազմը եւ յստակ է, որ «միայն միասին, եղբայրութեամբ եւ զօրակցութեամբ մեր մարդկային ընտանիքը կարող է ջանալ դարմանել վէրքերը եւ կառուցել արդար ու խաղաղ աշխարհ մը»։

Միայն միասին է` որ կարելի է դարմանել մարդկութեան վէքրերը

Այս մէկը իրականացնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛առաջարկէ դիմել «համապարփակ համաշխարհային անվտանգութեան երաշխաւորումին», այսինքն համակարգ` որ «կարողանայ ընդունիլ այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են սնունդի և ջուրի հասանելիութիւնը, շրջակայ միջավայրի նկատմամբ յարգանքը, առողջապահութիւնը եւ ուժանիւթի աղբիւրներու ու համաշխարհային բարիքներու արդար բաշխումը»։

«Չենք կրնար նկատի չ՛առնել աղետալի մարդասիրական և բնապահպանական ազդեցութիւնը, որ կը բխի միջուկային զէնքի կիրառումէն, ինչպէս նաև անոնց զարգացման մէջ ներգրաւուած մարդկային և տնտեսական կենսամիջոցներու վատնումն ու սխալ բաշխումը», կը գրէ ի միջի այլոց Քահանայապետը Հիրոշիմայի Եկեղեցւոյ առաջնորդին ուղղած նամակին մէջ հրաւիրելով նաեւ չի թերագնահատել «վախի և կասկածի շարունակական մթնոլորտի հետևանքները, որոնք կը յառաջանան միջուկային զէնքերու սոսկ տիրապետման հետևանքով», որ «կը սպառնայ փոխադարձ վստահութեան և երկխօսութեան մթնոլորտի աճը»:

Կայուն խաղաղութիւն

Հետևաբար «միջուկային զէնքերը և զանգուածային ոչնչացման այլ զէնքերը վտանգի բազմապատկիչներ են, որոնք կը ներկայացնեն խաղաղութեան միայն պատրանքը» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը որուն աղօթքն է` որ Հիրոշիմայի Վեհաժողովը «բացայայտէ շրջահայեաց տեսլական մը` հիմքերը դնելու ի սպաս կայուն և մնայուն խաղաղութեան ու երկարաժամկէտ կայուն անվտանգութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 12:00