Որոնել

Padel-ի եւ tennis-i իտալական դաշնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Padel-ի եւ tennis-i իտալական դաշնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկներուն եւ պատանիներուն. «Մի կորսնցնէք սիրոյ համար մարզանք ընելու համը»

Քահանայապետը քաջալերեց պատասխանատուները, ուսուցիչներն ու աշակերտները միշտ յառաջ ընթանալու հաշուի առնելով միշտ վտանգն ու խոհեմութիւնը, յարձակումն ու պաշտպանութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 6 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Padel-ի եւ tennis-ի 6-րդ միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք միջազգային վեհաժողովի իրենց մասնակցութիւնը բերող աւելի քան 30 քաղաքաներէ ժամանած աշակերտները, պատանիներն ու ուսուցիչները, անդրադարձաւ սոյն հանդիպումի կարեւոր նիւթին, որ է կրթութիւնը նշելով, որ Padel-ի եւ tennis-i վարպետը մարզիչ ըլլալէ անդին նաեւ կրթիչ մըն է։

Նորին Սրբութիւն քաջալերելով ընթանալ կրթական ուղիին վրայ, խօսքը կեդրոնացոցւց Padel-ի եւ tennis-ի խաղերուն կարեւոր երկու յատկութիւններուն վրայ՝ յարձակում եւ պաշտպանում նշելով, թէ padelի լաւ խաղացող մը, ինչպէս նաեւ միւս խաղերուն չի կրնար միշտ յարձակիլ, չկրնար միշտ վտանգի ենթարկուիլ, այլ պէտք է գիտնայ նաեւ պաշտպանուիլ հետեւաբար մարզիչ մը որ իր բոլորը ուժերը կը կեդրոնացնէ յարձակումի կամ պաշտպանութեան վրայ, իր աշակերտը անպատսպար կը թողու դիտել տալով որ «Լաւ կրթիչ մը գիտէ ինչպէս համակշռել վտանգը եւ խոհեմութիւնը» ու padel-ը եւ tennis-ը գեղեցիկ խաղերն են ու անոնց կրթական ուժը յատուկէն կը գտնուի խաղի զօրութենականութեան մէջ հետեւաբար պէտք չէ կորսնցնել մարզանք ընելու ուրախութեան համը, որ է ձրիութեան հոգին է ու որուն հետ պէտք է խաղալ» ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ մարզանքի մէջ ՝ըլլայ tennis-ի ըլլայ padel-ի մէջ կայ սիրողականութեան ծաւալը. Այն ժամանակ երբ կը մարզուինք այլ շահագրգռութիւններու համար եւ ոչ թէ սիրողականի ձրիութեան համար, կը կորսնցենք մարզանքի գեղեցկութիւնը ու մարզանքը կը դառնայ վաճառականութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար, քաջալերեց պատասխանատուները, ուսուցիչներն ու աշակերտները միշտ յառաջ ընթանալու հաշուի առնելով միշտ վտանգն ու խոհեմութիւնը, յարձակումն ու պաշտպանութիւն։

Շնորհելով ապա իր առաքելական օրհնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2023, 12:04