Այսօր ոչ ոք կարող է ըսել, որ չէ ազդուած Եկեղեցւոյ մէջ սեռական բռնութեան իրականութենէն. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր` 5 Մայիսին ընդունեց Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնաժողովի անդամները, որոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը նշեց, որ ասիկա առաջին հանդիպումն է Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան ներքոյ ստեղծուած Յանձնաժողովին անդամներուն հետ:
«Հոգևորականներու կողմէ անչափահասներու նկատմամբ սեռական չարաշահումները և Եկեղեցւոյ առաջնորդներու կողմէ անոր սխալ կառավարումը մեր ժամանակի Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած ամենէ մեծ մարտահրաւէրներէն է, …ամենէն լուրջը», հաստատեց Քահանայապետը, քանի որ «կը խաթարէ Աստուծոյ ազատագրող ներկայութիւնը լիովին ընդունելու և վկայելու անոր կարողութիւնը: եւ Աստուծոյ սիրոյ մեր վկայութիւնը» աւելցուց Ան:
«Այսօր ոչ ոք կարող է ազնուօրէն ըսել, որ չէ ազդուած Եկեղեցւոյ մէջ սեռական բռնութեան իրականութենէն», նկատել տուաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ յորդորեց ներկաները իրենց գործին մէջ՝ «որպէս նորոգութեան հոգեւորութիւն», յիշել երեք սկզբունքներ:
Մի յուսահատիք, երբ կը թուայ, թէ քիչ բան կը փոխուի դէպի լաւը
Առաջին հերթին Ան խրախուսեց կանգ չառնել նոյնիսկ երբ ճամբան, որով կը քալեն դժուար եւ յոգնեցուցիչ է, այլեւ շարունակել ձեռք մեկնել, փորձել վստահութիւն սերմանել անոնց մէջ, որոնց կը հանդիպին եւ որոնք կը կիսեն այս ընդհանուր գործը:
«Մի յուսահատիք, երբ կը թուայ, թէ քիչ բան կը փոխուի դէպի լաւը: Յամառ կերպով առաջ ընթացէք, քանի որ Տէրը բոլոր ժամանակներու մէջ նոր բաներ ծնիլ կու տայ եւ կարող է կեանք տալ չոր ոսկորներուն (հմմտ. Եզեկիել 37:6)», նշեց Սրբազան Պապը։
Մեր կեանքին չէ տրուած բաժնուած մնալ
Երկրորդ սկզբունքը, որ Ֆրանչիսկոս յորդորեց յիշել, այն է, թէ պէտք է առարկայական ներդրում ունենալ փշրուած կեանքի բաժնուած մասերը վերամիաւորելու գործին մէջ:
Ան ըսաւ, որ սեռական բռնութիւնը ծուատած է ոչ միայն Եկեղեցին, այլեւ ողջ աշխարհը՝ առաջացնելով խոչընդոտներ տուժածներու կեանքէն ներս, կոտրելով եւ բաժնելով մարդիկը։
«Բայց մեր կեանքին չէ տրուած բաժնուած մնալ», շեշտեց Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ ամէն բան փոխկապակցուած է՝ նոյնիսկ այս աշխարհը գալիք աշխարհին:
Եկեղեցւոյ նորոգութեան այս պահը իր տեղը պիտի զիջէ փրկութեան պատմութեան մէկ այլ պահի
«Երրորդ, կը յորդորեմ ձեզի աճեցնել ձեր մէջ Աստուծոյ յարգանքը և բարութիւնը: նրբանկատ եղէք՝ գործին մէջ եւ իրարու բեռը վեր առէք (հմմտ. Գաղատացիս 6:1-2), առանց տրտնջելու», շարունակեց Քահանայապետը:
«Հիմա ժամանակն է վերացնելու` նախորդ սերունդներուն պատճառուած վնասը, սակայն պէտք է մտածել նաեւ, որ Եկեղեցւոյ նորոգութեան այս պահը իր տեղը պիտի զիջէ փրկութեան պատմութեան մէկ այլ պահու», աւելցուց Նորին Սրբութիւնը:
Եկեղեցին պէտք է ձգտի դառնալ ողջունելի և լաւ վարքի օրինակ
Ընդգծելով, որ Եկեղեցին պէտք է ձգտի դառնալ ողջունելի և լաւ վարքի օրինակ, Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Յանձնաժողովը՝ յանձինս անոր անդամներու, կը բանեցնէ իր հմտութիւններն ու կարողութիւնները՝ օգնելու բուժել Եկեղեցւոյ սարսափելի վէրքը՝ եկեղեցական բոլոր իրականութիւններէն ներս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
«Յիրաւի, ճիշտ չէ, որ մոլորակի բարգաւաճ տարածքները կարող են յոյսը դնել լաւ ձևաւորուած պաշտպանութեան ծրագրերու վրայ, որոնց ծիրէն ներս կը յարգուին զոհերը և անոնց ընտանիքները, մինչդեռ անոնք, որ կ’ապրին աշխարհի այլ հատուածներու մէջ՝ լուռ կը տառապին», պնդեց Սրբազան Քահանայապետը:
Ան ապա իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ Յանձնաժողովը ՝ հետեւելով ձեռքբերած փորձը Հռոմէական Քուրիայի հետ կիսելու իր յորդորին, համագործակցութեան համաձայնագիր կնքած է Աւետարանումի Վերատեսչութեան հետ:
Ի վերջոյ Սրբազան Պապը խօսքը եզրափակեց՝ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով կատարած մեծ աշխատանքին համար, ապա օրհնեց բոլորը ու խնդրեց չմոռնալ աղօթելու իրեն համար, անոնց հաւաստիացնելով միաժամանակ իր աղօթքները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ