Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ մետրոպոլիտ Անթոնի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ մետրոպոլիտ Անթոնի   (Vatican Media)

Ռուս մետրոպոլիտ Անթոնի ողջունեց ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին

Այսօր՝ 3 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ներկայ գտնուեցաւ Մոսկուայի պատրիարքութեան, արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններուն բաժնի նախագահը։ Երեկ Ռուսիոյ մետրոպոլիտը հանդիպած է Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսութեան վերատեսուչ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթիին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 3 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ներկայ էր նաեւ Մոսկուային պատրիարքութեան, արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ, մետրոպոլիտ Անթոնի տի Վոլոքոամսք։ Ան նստած էր կղերի վերատեսութեան վերատեսուչ, կարդինալ Լազարօ Եու Հէունկ Սիքը մօտ։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, մետրոպոլիտ Անթոնի ողջունած է Սրբազան հայրը ու մի քանի վայրկեան կանգ առնելով փոխանցած է իր սրտի խօսքը։

ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս սովորաբար կ՝ընէ այս հանդիպումներուն համբուրած է «Panaghia»՝ Աստուածամօր պատկերը կրող մետալը, որ ուղղափառ եկեղեցիներու մետրոպոլիտները կը կրեն իրենց կուրծքին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մետրոպոլիտին նուիրած է քահանայապետական շքանշան մը՝ մինչ մետրոպոլիտը իր կարգին Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց «Panaghia» Աստուածամօր պատկերը կրող մետալ մը։

Յայտնենք, թէ երեկ, Մետրոպոլիտ Անթոնի հանդիպեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ Արքեպիսկոպոս Քլաուտիօ Կուճերոթթիին հետ։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։ Նշուած է Մոսկուայի արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններուն բաժանմունքի կայքէջին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 12:26