Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թելեմունտոյին լրագրողը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թելեմունտոյին լրագրողը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաղաղութիւնը հասանելի է այն ժամանակ երբ Ռուսիան եւ Ուքրանիան կը սկսին իրարու հետ խօսիլ»

Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը Ամերիկայի մէջ Սպաներէն լեզուով Telemundo հեռուստակայանի Julio Vaqueiro լրագրողին հետ, Սքոլաս Օքքուռենթես՝ քահանայապետական հիմնարկի նախաձեռնութենէն առաջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 25 մայիսին, Սքոլաս Օքքուռենթես՝ քահանայապետական հիմնարկի նախաձեռնութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյց ունեցաւ Ամերիկայի մէջ Սպաներէն լեզուով Telemundo հեռուստակայանի Julio Vaqueiro լրագրողին հետ։

Հարցազրոյցին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շօշափեց հետեւեալ նիւթերը.

Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հարցը, այս առումով նշեց, թէ խաղաղութիւնը կարելի է հաստատուիլ այն ժամանակ երբ Ռուսիան եւ Ուքրանիան պիտի կարենան իրարու հետ խօսիլ։ Անդրադառնալով ապա Վատիկանի մէջ նախագահ Զելենսքիին հետ հանդիպումին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Զելենքին իրմէ խնդրած է մեծ բարիք մը, որ է զբաղիլ Ռուսիա փոխադրուած Ուքրանացի մանուկներու հարցով։

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց գաղթականներու մասին, նշելով որ գաղթականութեան հարցի լուծման համար անհրաժեշտ է ռազմավարութիւն մը որ կը նպաստէ այն երկիրներու զարգացման ու կայունութեան ուրկէ կը փախչին գաղթականները։ Այս գծով Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց կարդալ Fratellino գիրքu զոր անցեալ շաբաթ օրինակ մը նուիրեց եպիսկոպոսներուն, ուր կը խօսուի իր եղբայրը որոնելու համար, Կինէէն մեկնած երիտասարդի մը մասին,

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ վիժումի եւ կուսակրօնութեան հարցերուն ինչպէս նաեւ կ՝ակնարկէ իր առողջապահութեան մասին, դիտել տալով որ ծունկին ցաւը լաւացած է ու այժմ կարողութիւն ունին քալելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց ճառերու, քարոզներու ու հանդիպումներուն աւարտին իրեն համար աղօթելու խնդրանքին պատճառը դիտել տալով, որ հաւատացեալները իրենց աղօթքներով հրաշքներ կը գործեն։,

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռին մէջ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին կայացած բարեփոխումներու մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2023, 08:48