Որոնել

Չինաստանի հետ երկխօսութիւն Չինաստանի հետ երկխօսութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Չինացի կաթողիկէներուն

հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալները, ապահովուելով իր աղօթքը աւետարանի հռչակումին պատճառով տառապող հովիւներուն ու հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ պատերազմէն տառապող մարտիրոսացած Ուքրանիան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 24 մայիսին, առաւօտեան հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները։

Իտալացիներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայր նշեց, թէ այսօր կը կատարուի համաշխարհային աղօթքի օրը՝ Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար ու այս աղօթքի օրը կը զուգադիպի Քրիստոնէից օգնական, Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին, որ մեծարուած է Շանկայի Շէյշանի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրէն ներս։

Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց ու իր աղօթքը ապահովուեց Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եղբայրներուն ու քոյրերուն կիսելով անոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը։

Նորին Սրբութիւնը յատուկէն մտաբերեց նաեւ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին՝ հովիւներն ու հաւատացեալները, մաղթելով որ անոնք տիեզերական եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ զօրակցութեան ներքեւ կարենան մխիթարութիւն եւ քաջալերանք գտնել։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթք բարձրացնել առ Աստուած որպէսզի Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսի բարի լուրը իր լիութեան, գեղեցկութեան եւ ազատութեան մէջ կարենայ հռչակուիլ, պտուղներ տալով՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Չինաստանի համայն հասարակութեան բարիքին համար։

Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր Մարեմեան կոչումը շատ սիրելի Տոն Պոսկոյին

Իտալացիներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ «Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր» օրը Մարեմեան կոչում մըն է, որ շատ սիրելի է Տոն Պոսկոյին, ու այս առթիւ ողջունեց ու յիշեց Սալեզեան ընտանիքի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց եկեղեցւոյ մէջ կատարած առաքելութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը

«Բոլորս տակաւին կը տխրինք տանջուած Ուքրանիոյ համար, այնտեղ շատ տառապանք կայ, պէտք չէ մոռնալ զայն։ Աղօթենք Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր, որ մօտիկ ըլլայ Ուքրանիոյ ժողովուրդին» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շանկայի մէջ Շէյշանի Տիրամօր տօնը

Յայտնենք թէ ամէն տարի 24 մայիսին կը նշուի Շանկայի Շէյշան Տիրամօր տօնը որ միաժամանակ աղօթքի օրն է նաեւ Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ դիտաւորութեան, խնդրուած Պենետիկսոս ԺԶ քահանայապետին կողմէն։

2007 թուականին Չինացի կաթողիկէներուն ուղղած նամակի մը մէջ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը առաջարկած է, որ 24 մայիսը՝ Շանկայի Շէյշան Տիրամօր տօնին օրը համայն աշխարհի եկեղեցիներուն եւ ուխտավայրերուն մէջ աղօթք բարձրացուի Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ համար։

Մէկ տարի ետք 24 մայիս 2008ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը յատուկ աղօթք մը շարադրեց Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առիթով՝ «Քրիստոնէից օգնական Տիրամայր»վերնագիրով։

Այս տարի եւս ինչպէս ամէն տարի՝ 2008 թուականէն ետք, Չինաստանի մէջ տեղի տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ համար համաշխարհային աղօթքի օրը, Չինաստանի եւ համայն աշխարհի սրբավայրերու եւ եկեղեցիներու ներս, որպէս տիեզերական եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ օգնութեան նշան Չինացի կաթողիկէներու համար։

Արդարեւ Շանկայի մէջ հազարաւոր կաթողիկէներ անցեալ 17 մայիսին, Շէյշանի սրբավայրին մէջ արտասանեցին Պենետիկտոս ԺԶ պապին աղօթքը, Գերապայծառ ՇԷՆ Պին եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ կազմակերպուած ուխտագնացութեան աւարտին։

Տիրամօր նուիրուած Չէյշանի ուխտավայրը

Շանկայի մէջ Տիրամօր նուիրուած Շէյշանի ուխտավայրը կառուցուած է 1924-1935 տարիներուն Շանկայէն հեռու 35 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլուրի մը վրայ։

1870 թուականին, այդ բլուրին վրայ կը գտնուէր հանգստեան տուն մը եւ փոքրիկ մատուռ մը Շանկայի Յիսուսեաններուն համար, որ կառուցուած էր Պուտտայական տաճարի աւերակներուն վրայ։

Շանկայի Շէյշանի բլուրին վրայ Տիրամօր նուիրուած առաջին ուխտավայրը կառուցուած է շնորհիւ կաթողիկէ բարերարներուն, որպէս երախտագիտութեան ուխտ՝ Taiping բանակի արշաւանքներէն փրկուելու համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2023, 10:41