Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Յարգել իւրաքանչիւր անձ իր իսկութեան մէջ»

Ֆրանչիսկոս Պապ կը փակէ Սքոլաս Օքքուռենթեսի միջոցառումը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու երիտասարդներուն հետ ուղիղ եթերով կապուած Ֆրանչիսկոս պապ պատասխանեց կրթութեան տագնապի, ընկերային ճգնաժամերուն, տարեցներու հետ յարաբերութեան վերաբերեալ հարցումներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 25 մայիսին, վերջ գտաւ «Սքոլաս Օքքուռենթես՝ Քահանայապետական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Բնապահպակրթական քաղաք»նիւթով համագումարը, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր քաղաքներու աւելի քան 50 քաղաքապետերուն, որոնք առիթ ունեցան ստանալու կազմաւորում մը՝ իրենց տարածաշրջաններուն մէջ կիրարկելու համար իրենց գիտելիքները՝ Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականի փորձառութեան շարունակութեամբ։

Լատին Ամերիկայէն իրենց մասնակցութիւնը բերին, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Չիլէէն, Քոլոմպիայէն, Ուրուկուայէն, Փարակուայէն, Փերույէն, Քոսթա Ռիքայէն, Թոպակոյէն, Էքուատորէն, Փանամայէն եւ Վենեզելուայէն ժամանած քաղաքապետներ։ Մինչ՝ Եւրոպայէն ներկայ գտնուեցան Փորթուկալէն ժամանած երկու քաղաքապետներ։

Համագումարին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալօրէն ուղիղ կապ ունեցաւ Կրանատայի մէջ գտնուող ծերանոցի մը հետ, այն վայրերէն մին ուր Սքոլաս Օքքուռենթեսը համաճարակի սկիզբը իրականացուցուցած «Միասին ըլլալ» ծրագիրը, արձագանգելով Ֆրանչիսկոս Պապին միջ սերնդային միասնութեան կոչին

համագումարին ընթացքին ֆրանչիսկոս պատասխանեց Լատին Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն, Քոլոմպիայէն, Սքքոլաս Օքուռենթես հիմնարկի մաս կազմող երիտասարդներու եւ տարեցներուն իրեն ուղղած հարցումներուն։

Նորին Սրբութիւն զրուցեց իւրաքանչիւր անհատի յարգանքի կարեւորութեան մասին՝ իր իսկութեան մէջ, պատանիներուն ամբողջական կրթութեան մասին՝ առանց որ ընդհատեն իրենց դպրոցական կրթութիւնը, զգուշացուց պոռնկագրութեան եւ «Սիրոյ վաճառականութեան» տարածումէն, որոնց թիրախ են յատկապէս պատանիները։ Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Պուէնոս Այրէսի մէջ իր մեծ հայրիկին եւ մայրիկին տան մէջ անցուցած ժամանակը՝ սորվելու համար արժէքներ ու քաջալերանք՝տագնապէն դուրս գալու, ոչ թէ առանցին այլ միշտ ընկերացած։

Համագումարին աւարտին, քաղաքապետները Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին իրենց եզրակացութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2023, 16:00