Որոնել

Pope Francis meets pilgrims from Diocese of Spoleto-Norcia at Vatican

Հաւատքը ապրելու յատկանիշներ` գեղեցկութիւն ու բարեխօսութիւն. Քահանայապետը ընդունեց Սփոլեթօ-Նորչա Թեմի հաւատացեալները

Գեղեցկութիւնը չի բացատրուիր այլ ցոյց կը տրուի, կարելի չէ զայն համոզել այլ պէտք է զայն վկայել եւ ահա թէ ինչու «Եկեղեցւոյ մէջ աւելի կարեւոր է այն բանը, որ կը վկայուի քան ան` որ կը քարոզուի» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 20 Մայիս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Սփոլեթօ-Նորչա Թեմին հաւատացեալները, Սփոլեթօ քաղաքի Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման Եկեղեցւոյ Յոբելենական տարւոյն առիթով անոնց Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս եւ այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց եկեղեցւոյ գեղեցկութեան հաստատելով, որ «գեղեցկութիւնը գրաւիչ է», նկատել տալով` որ «Հաւատքը հաղորդելը եւս գեղեցկութեան հարց է»։

Աւելի կարեւոր է վկայելը քան քարոզելը

Գեղեցկութիւնը չի բացատրուիր այլ ցոյց կը տրուի, կարելի չէ զայն համոզել այլ պէտք է զայն վկայել եւ ահա թէ ինչու «Եկեղեցւոյ մէջ աւելի կարեւոր է այն բանը, որ կը վկայուի քան ան` որ կը քարոզուի» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Գեղեցկութիւնը պէտք է որոնել եւ ի լոյս ընծայել» շարունակեց Ան մաղթելով, որ անոնք ըլլան «գեղեցկութեան բացայայտողները, հաւատքի գանձին որոնողները», «կանգ չառնելու երեւոյթներուն վրայ, այլ տեսնելու աւելի անդին, գնահատելով եւ ողջագուրելով սրբութեան եւ ծառայութեան ժառանգութիւնը, որ Եկեղեցւոյ հարստութիւնն է», ապա «զայն աճեցնելու», որովհետեւ «հաւատքը անցեալի յիշատակ մը չէ, թանգարանային իր մը չէ, այլ մշտապէս կը նորոգուի Աւետարանի ուրախութեամբ, անհատներէ կազմուած հասարակութեան մէջ, որոնք իրար զիրար կը ճանչնան Աստուծմէ սիրուած եղբայրներու եւ քոյրերու շնորհքին ներքոյ»։

Բարեփոխում հովուական ծառայութեան համակարգին

Գեղեցկութիւն որոնելը կը նշանակէ երթալ իրերու սիրտին։ Եկեղեցւոյ մէջ եւս ժամն է նայելու իսկական առաջնահերթութիւններուն` աղօթքին, եղբայրսիրութեան եւ հռչակումին, որուն համար հարկաւոր է հովուական ծառայութեան նորոգում, թարմացում, միսիոներական սլացք, նուիրում… դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դնելով այլ կարեւոր մէկ բառի վրայ` բարեխօսութիւն։

Բարեխօսութիւնը

Այստեղ եւս Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց Աթոռանիստս Եկեղեցւոյ ու այնտեղ պահպանուած Աստուածամօր սրբանկարին` որ կը պատկերացնէ Տիրամայրը ձեռքերը երկարած դէպի երկինք, մինչ կը բարեխօսէ մեզի համար` Քրիստոսէն հայցելով մեզի համար փրկութիւն, մեզ տանելով Տիրոջ առջեւ, եւ աղօթքի միջոցաւ պայքարելով մեզի համար։

«Բարեխօս Եկեղեցի մը` որ առանց աշխարհիկ դառնալու աշխարհը կը տանի Տիրոջ, միշտ կենդանի եկեղեցի մըն է, միշտ կենսունակ, միշտ գեղեցիկ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացնելով հեռու մնալ աշխարհիկութեան յոգնութենէն ապա խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ այս Յոբելեանը ամրապնդէ անոնց արմատները, «որպէսզի անոնք կարողանան ուրախանալ Աստուծոյ սիրոյ եւ Եկեղեցի ըլլալու գեղեցկութեամբ ու իրենց զիրենք զգան կոչուած բարեխօսելու»։

Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ երբ կանգ առնէք Սփոլեթոյի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբանկարին առջեւ չմոռնաք ինծի համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 11:13