Որոնել

2023.05.08 Religiosi della Congregazione dello Spirito Santo

Հնազանդիլ Հոգիի գործողութեանը միշտ նորովի կերպով. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մարիամի Անարատ Սիրտի հովանիի ներքոյ Սուրբ Հոգիի միաբանութեան անդամները՝ հիմնադրման 175ամեակի առթիւ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 8 Մայիսին, ընդունեց Մարիամի Անարատ Սիրտի հովանիի ներքոյ Սուրբ Հոգիի միաբանութեան (Spitritani) անդամները՝ հիմնադրման 175ամեակի առթիւ:

«Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ» (43:19) Եսայի մարգարէի այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Սրբազան Քահանայապետի անոնց ուղղած պատգամին, որ վերոնշեալ Միաբանութիւնը ընտրած էր որպէս ուղեցոյց 2021ին տեղի ունեցած Ընդհանրական Ժողովի ընթացքին, որոնք, ինչպէս ըսաւ Պապը «շատ լաւ կ’արտացոլան ձեր շնորհապարգեւի որոշ հիմնարար արժէքներ՝ քաջութիւն, բացութիւն և ինքնալքում Հոգւոյն գործողութեան՝ նոր բան անելու համար»:

10 սեպտեմբեր 1848ին միաձուլուած միաբանութիւններ

Այս համատեքստի մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց հիմնադրման պատմութեանը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Երանելի Պիոս Թ-ի կամքով 10 սեպտեմբեր 1848ին երկու կրօնական հիմնարկութիւնները՝ Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը՝ հիմնադրուած 1703ին, եւ Մարիամի Սուրբ Սրտի միաբանութիւնը՝ 1841ին, մէկ միաբանութեան մէջ միաձուլելու առնչութեամբ:

Հնազանդիլ Սուրբ Հոգիին

Անոր հիմնադիրներու եւ անդամներու առարկայական օրինակները բերելով՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նշեց, թէ ինչպէս արձագանքելով ժամանակի նոր նշաններուն, հրաժարելով յարմարաւէտ ապագայի հեռանկարէն կամ չվախնալով կրօնական հալածանքներէն, անոնք միշտ նորովի կերպով հնազանդած են Հոգիի գործողութեանը՝ Աստուծոյ օգնութեամբ:

Ինչպէս այդ մէկը եղաւ 1848ին, երբ «երկու ընտանիքներու եղբայրները յաղթահարելով վախերն ու խանդը եւ ընդունեցան մարտահրաւէրը՝ միաւորելով ուժերը և կիսելով իրենց ունեցածը նոր սկզբի համար», յարեց Սրբազան Քահանայապետը:

Հինգ ցամաքամասերու եւ 60 երկիրներու մէջ ներկայութիւն ունեցող միաբանութիւն

Ան ընդգծեց այնուհետեւ, որ աւելի քան մէկ ու կէս դար անց Ժողովը «ներկայ է հինգ ցամաքամասերու վաթսուն երկիրներու մէջ՝ շուրջ երկու հազար վեց հարիւր կրօնական և բազմաթիւ աշխարհականներու ներգրաւմամբ» եւ փոփոխուելու պատրաստակամութեան և հաստատակամութեան շնորհիւ հաւատարիմ մնացած է ծագման ոգիին. «աւետարանել աղքատներուն, ընդունել առաքելութիւններ, որտեղ ոչ ոք կ՛ուզէր երթալ, գերադասել ծառայութիւնը ամէնէ շատ լքուածներուն, յարգել ժողովուրդները և մշակոյթները, պատրաստել տեղական հոգեւորականներ»:

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց անոնց նոյն քաջութեամբ շարունակել իրենց առաքելութիւնը եւ մէջբերաւ Evangelii gaudium առաքելական յորդորէն հատուած մը թէ «Չկայ աւելի մեծ ազատութիւն, քան թոյլ տալ, առաջնորդուել Հոգիով, հրաժարուելով ամէն ինչ հաշուարկելէն և վերահսկելէն» (թիւ 280):

Ան ապա ի սրտէ օրհնեց բոլորին և խնդրեց աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2023, 12:03