Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ու  Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ու Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն հետ, աշխարհի եւ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ

Աւելի քան 200 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ ընդհանուր նիստի աշխատանքներու բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 մայիսին, Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն 77-րդ ընդհանուր նիստը, ունենալով որպէս նիւթ «Ունկնդրելով այն ինչ որ կ՝ըսէ Սուրբ Հոգին եկեղեցիներուն։ Քայլեր դէպի զատորոշում»։

Աւելի քան 200 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ ընդհանուր նիստի աշխատանքներու բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Ընդհանուր նիտսը պիտի եզրափակուի 25 մայիսին։

Վատիկանի «Սինոդի նոր դահլիճ» անուան սրահէն ներս գումարուած Նիստի առաջին օրը յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ զրոյց ունեցաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն հետ։ Զրոյցի աւարտին ՆորիՆ Սրբութիւնը եպիսկոպոսներու նուիրեց “Fratellino” վերնագիրով գիրք մը, որ կը պարունակէ Ափրիկէէն փախած երիտասարդ գաղթականի մը ողբերգութիւնները։

Ինչպէս կը հաղորդեն Եպիսկոպոսները, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Եպիսկոպոսներու միջեւ կատարուած զրոյցի ընթացին քննարկուած են խաղաղութիւնը, Ֆինանսաւումը, շրջակայ միջավայրը, գաղափարախօսութիւնները, եպիսկոպոսներու եւ քահանաներուն պաշտօնը, աղքատներուն եւ գաղթականներու հանդէպ եղբայրսիրութիւնը նիւթերը։

Յատուկէն անդրադարձած կատարուած է կոչումներու թիւի նուազումին, նորընծայարաններու ու անոնց հնարաւոր միաւորումներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան՝ Ուքրանիոյ եւ աշխարհին մէջ՝ հրատապութիւն որ կը վերաբերի բոլորիս։

Գաղթականներու նիւթի շրջագիծէն ներս, հանդիպումի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ իւրաքանչիւր եպիսկոպոսի նուիրեց “Fratellino” անուան գիրքը, որ կը պատմէ՝ պարզ եւ երբեմն կարծր ձեւով գաղթական Իպրահիմա Պալտէին կեանքը, ընդօրինակուած բանաստեղծ Ամէթս Արծալլուս Անթիայի կողմէ։

Ընդհանուր նիստի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց վերջերս աւերիչ ջրհեղեղներուն թիրախ դարձած Էմիլիա Ռոմանիա մարզի եպիսկոպոսները, խնդրելով որ իր ողջոյններն ու մօտիկութիւնը փոխանցեն հաւատացեալներուն ապահովուելով իր աղօթքը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2023, 09:48