Որոնել

2023.05.17 Udienza Generale

Ֆրանչիկսոս Պապին 19 մայիսի պաշտօնական հանդիպումները

Թանզանիայի մէջ կաթողիկէ Եկեղեցին ունի եօթը Աւագ Թեմ եւ 28 այլ ենթաթեմեր։ Թանզանիայի մէջ առաջին կաթողիկէ աւետարանութիւնը տեղի ունեցաւ 1499ին Փորթուկալցի Ակոսթինեան միսիոնարներու քարոզութեամբ` Վասքօ Տէ Կամայի գլխաւորութեամբ։ Այս առաջին առաքելութիւնը սակայն ընդհատուեցաւ 1698ին Օմանի պարաբերներուն կողմէ Կղզիին արշաւանքէն պատճառաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր` 19 Մայիսի 2023ին առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ հերթաբար ընդունեց Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնը` Քահանայապետական Տան Կառավարիչ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին երբեմնի յատուկ քարտուղարը, ապա Գերապայծառ Սանթօ Քանճեմի` Սերպիայի մէջ առաքելական նուիրակ հուսկ Արժանթինցի Շէյխ Ապտուլ Քարիմ Փազը, որմէ ետք Սուրբ Պետրոսի Աթոռին Հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Թանզանիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամներուն։

Թանզանիայի մէջ կաթողիկէ Եկեղեցին ունի եօթը Աւագ Թեմ եւ 28 այլ ենթաթեմեր։ Թանզանիայի մէջ առաջին կաթողիկէ աւետարանութիւնը տեղի ունեցաւ 1499ին Փորթուկալցի Ակոսթինեան միսիոնարներու քարոզութեամբ` Վասքօ Տէ Կամայի գլխաւորութեամբ։ Այս առաջին առաքելութիւնը սակայն ընդհատուեցաւ 1698ին Օմանի պարաբերներուն կողմէ Կղզիին արշաւանքին պատճառաւ։

Երկրորդ աւետարանումը ապա կատարուեցաւ Սուրբ Հոգի, Սպիտակ Հայրեր եւ Պենետիկտեան միաբանութեան վանականներու քարոզութեամբ, սկսեալ 1863էն։ Իսկ 1862ին Զանզիպարի մէջ հաստատուեցաւ Առաքելական Առաջին Կառավարական առաքելութիւնը։

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետքը այլ միաբանութիւններ եւս առաքեալներ ուղարկեցին Թանզանիա, որոնց իւրաքանչիւրին Հաւատոյ Տարածման ժողովի կողմէ յանձնուեցաւ աւետարանութեան տարածաշրջան։

1990ի սեպտեմբերին Թանզանիայի կաթողիկէ Եկեղեցին հիւրընկալեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 12:30